Հայաստանը ներկայացնող կռփամարտիկները աւարտեցին աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութեան իրենց ելոյթները եւ Ս. Փեթերսպուրկէն (Ռուսիա) հայրենիք վերադարձան առանց մետալի տիրանալու:
Քառորդ աւարտականին տոմս մը ապահովելու համար Նարեկ Յովհաննիսեան (60 քկ) եւ Գուրգէն Յովհաննիսեան (գերծանր կշիռ) պարտութիւններ կրելով իրենց կարգին դուրս մնացին պայքարէն:
Նշենք, որ այս ախոյեանութեան Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ 7 մարզիկով: