
Հոլանտան ներկայացնող հայ մարտիկ Գեղարդ Մուսասի (Մովսէսեան) ժամայքացի Եուրայ Հոլի դէմ փոխվրէժի մենամարտին ընթացքին յաղթեց նաք-աութով:
Հիւսիսային Իրլանտայի մայրաքաղաք Պելֆասթի մէջ տեղի ունեցած «Եու. Էֆ. Սի. Ֆայթ Նայթ-99» խառն մենամարտերու («ՄՄԱ») մրցաշարքի այս հանդիպումը աւարտեցաւ առաջին իսկ ռաունտին, երբ իրաւարարը Մուսասիի հարուածներու շարքէն ետք ստիպուած եղաւ դադրեցնել այս մարտը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք Գեղարդ Մուսասի ըսաւ. «Մենք կանգ պիտի չառնենք: «Եու. Էֆ. Սի.»-ի գօտին մեզի պիտի ըլլայ: Անոր ժամանակը եկած է: Անհամբերութեամբ կը սպասեմ անոր` յաջորդ մենամարտին համար»:
Նշենք, որ նախորդ տարուան սեպտեմբերին, Ճափոնի մէջ նոյն այս մրցաշարքին գծով հայ մարտիկը նաք-աութով պարտուած էր իր նոյն մրցակիցէն:
Լուրը հաղորդած Sport.news.am կայքը եզրափակեց նշելով, որ Գեղարդ Մուսասի ծնած է Իրանի մէջ: Ան 4 տարեկանին իր ընտանիքին հետ տեղափոխուած է Հոլանտա:
Դպրոցը աւարտելէ ետք, ան իր եղբօրը պէս սկսած է մարզուիլ եւ մասնակցիլ խառն մենամարտերու:


