Մանչեսթըր Եունայթըտի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, յաջորդաբար 11-րդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ Շէուտի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը, այսպիսով իր երկրին ֆութպոլի պատմութեան մէջ մրցանիշ մը հաստատելով, կը նշէ «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Ան առաջին անգամ այս տիտղոսին տիրացաւ 2005-ին: Տարի մը ետք, թէեւ Արսենալի նախկին յառաջապահ Ֆրետրիք Լիունկպերկ տիրացաւ այդ տիտղոսին, բայց անկէ ետք սկսաւ Իպրահիմովիչի մենատիրութիւնը:
Նշենք, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք, 35 տարեկան Զլաթան Իպրահիմովիչ լքեց միջազգային ասպարէզը` Շուէտի հետ 116 մրցումի ընթացքին 62 կոլ նշանակելէ ետք: