Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու մասնակցողներուն խթանիչ դեղերու գործածութեան նմուշներու վերստուգման հիման վրայ Հայաստանի ներկայացուցիչ, 29 տարեկան Հռիփսիմէ Խուրշուդեանը զրկեց ողիմպիականի պրոնզէ մետալէն, կը յայտնէ Sport.news.am:
Աղջկանց 75 քկ եւ վեր ծանրաբարձութեան մրցումներուն մասնակցած Խուրշուդեանի քննութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են արգիլեալ դեղեր, յայտնեց Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Անիկա Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պարտադրեց անմիջապէս վերադարձնել այդ մետալը, պատուոյ գիրը եւ յուշամետալը: