2008-ի Փեքինի եւ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերու ղազախ ախոյեան, 94 քկ դասակարգի ծանրաբարձ Իլիա Իլժին խթանիչ դեղերու գործածութեան պատճառով զրկուեցաւ երկու ողիմպիականներուն ալ իր տիրացած ոսկի մետալներէն, այս մասին հաղորդեց Ղազախստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Երկու խաղերուն անոր վրայ կատարուած քննութիւններուն վերստուգման ընթացքին յայտնաբերուած է արգիլեալ խթանիչ դեղերու գործածութեան պարագայ:
Յայտնենք, որ այս տարի կատարուող արհեստագիտական քննութիւնները չորս տարի առաջ չէին կատարուեր: