Մարզական

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Ռիատա Ուալ Ատապ` 1-2

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ռիատա Ուալ Ատապը: Մրցումը աւարտեցաւ հիւսիսային Լիբանանի կազմին յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ Ռիատայի գերակայութեամբ` 1-0 արդիւնքով: Անիկա իր կոլը նշանակեց փենալթիով` 31-րդ վայրկեանին: Բ. կիսախաղին սկիզբը (50-րդ), ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Յարութ Սարգիս կարմիր քարտ մը ստացաւ` մեծ քառակուսիէն դուրս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ախոյեան Ռիատի Պէյրութ Պարտութեամբ Սկսաւ 2016-2017 Տարեշրջանը

Երէկուան մրցումէն PROFOTO Շանվիլ - Ռիատի Պէյրութ բացման մրցումով երէկ սկսաւ Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը: Մրցումը տեղի ունեցաւ Շանվիլի դաշտին` Տիք Մըհտիի մէջ: Շանվիլ ստեղծեց տարեշրջանի առաջին անակնկալը, երբ 83-70 արդիւնքով յաղթեց Լիբանանի ախոյեան` Ռիատիին: Մրցումին չորս քորթըրներուն ալ Շանվիլ ինք եղաւ տիրապետողը (18-11, 38-34, 64-53 եւ 83-70): Մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Շանվիլի մաս կազմող...

Գիւմրեցի Հերոսը Աշխարհի 2 Մրցանիշ Հաստատեց

Գիւմրեցի 55 տարեկան Ալեքսանտր Կիրակոսեան նախորդ շաբաթավերջին աշխարհի երկու նոր մրցանիշ հաստատեց: Ան մէկ ժամուան ընթացքին 16 քիլոկրամ կշռաքարերը երկու ձեռքով բարձրացուց 2780 անգամ, այսպիսով շրջանցելով Վիաչեսլաւ Խորոնաքոյի (Պիելոռուսիա) հաստատած մրցանիշը: Ան իր երկրորդ մրցանիշը հաստատեց պառկած վիճակի մէջ` իր փորով, 144 քիլոկրամ ծանրութեամբ վարժութիւնը առջեւ եւ ետեւ կատարելով 101 անգամ:  

«Ֆորմիւլա-1». Նիքօ Ռոզպըրկ Առաջին Անգամ Ըլլալով Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան

Երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբերին, աւարտեցաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի 2016-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի ունեցաւ տարեշրջանի վերջին կրան փրին, Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ): Հակառակ անոր որ անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն երէկուան այս կրան փրիին հանդիսացաւ առաջին, սակայն անոր գերմանացի խմբակից եւ «Մերսետես»-ի երկրորդ վարորդ Նիքօ Ռոզպըրկ, հակառակ երկրորդ դիրքը գրաւելուն, առաջին անգամ ըլլալով հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան վարորդներու ընդհանուր դասաւորման մէջ` 5 կէտով...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Անգլիոյ ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանին Չելսի մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` լոնտոնեան տերպիին յաղթելէ ետք Թոթենհամի (2-1): Սակայն Իտալիոյ մէջ պարագլուխի դիրքը գրաւող Եուվենթուս կրեց անակնկալ պարտութիւն մը, Ճենովայի դաշտին վրայ, 3-1 արդիւնքով: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Սպանիոյ մէջ, Ռէալ Մատրիտ 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սփորթինկ Խիխոնի, աւելի ամրապնդեց պարագլուխի դիրքը եւ ունեցաւ 33 կէտ: Քրիսթիանօ...

Ռուսլան Քորեան` Գեղեցիկ Կոլի Հեղինակ.

Ռուսիոյ ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 24-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Խապարովսք իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քուպան Քրասնոտարը: Ալեքսանտր Գրիգորեանի գլխաւորած խումբին երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Ռուսլան Քորեան` 45-րդ վայրկեանին: Ան իր կոլը նշանակեց մրցակից կազմին մէկ մարզիկը գեղեցիկ հնարքով շրջանցելէ ետք: Քորեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր եւ փոխարինուեցաւ 58-րդ վայրկեանին,...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղըպէյրի` 1-6

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի մրցումներուկն ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 27 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իրենց մրցակից ունեցաւ Ղըպէյրին: Մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Ռաուտա), աւարտեցաւ Ղըպէյրիի յաղթանակով` 6-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 3-0): ՀՄԸՄ-ի միակ կոլը նշանակեց Շանթ Պալեան:

Փիցելլի` Կոլի Եւ Կոլի Փոխանցման Հեղինակ

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ֆուժէյրա իր դաշտէն դուրս 4-2 արդիւնքով յաղթեց Օրոպայի: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Մարքոս Փիցելլի, որ այս մրցումին մասնակցեցաւ ամբողջ 90 վայրկեան, դարձաւ կոլի եւ կոլի փոխանցման հեղինակ: Անոր կազմը այժմ 6 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:

Սթիւըն Ժերար Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Լիվըրփուլի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին միջնապահ Սթիւըն Ժերար պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ կ՛աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը: 36 տարեկան անգլիացիին վերջին ակումբը եղաւ Լոս Անճելըս Կալաքսին («Մէյճըր լիկ»), որուն հետ ան մրցումներու մասնակցեցաւ 2015-2016 տարեշրջանին: Լիվըրփուլի եւ Լոս Անճելըս Կալաքսիի հետ ան կատարեց 729 մրցում (700-ը` Լիվըրփուլի հետ)` նշանակելով 185 կոլ եւ դառնալով 115 կոլի փոխանցման...

Մորտովա Պարտուեցաւ. Արթուր Սարգիսով Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Մորտովա, որ հիւրն էր Խիմքիի, 4-3 արդիւնքով պարտուեցաւ, հակառակ անոր որ մրցումին ընթացքին 3-1 արդիւնքով առաջ անցած էր դաշտին տիրոջմէն: Հիւր կազմին հետ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Արթուր Սարգիսով այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց 19-րդ եւ 24-րդ վայրկեաններուն: Սարգիսով 17-րդ վայրկեանին ձեռք ձգեց նաեւ փենալթի մը, զոր կոլի վերածեց անոր խմբակիցը: Ան Ա....

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Ներկայացուց Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2016-2017 Տարեշրջանի Իր Կազմը. Կի Մանուկեան. «Մեր Միութիւնը Կը Ներկայացնէ Ամբողջ Լիբանանը»

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ներկայացուց Լիբանանի Պասքեթպոլի Տղոց Ա. Դասակարգի Ախոյեանութեան 2016-2017 Տարեշրջանի Իր Կազմը. Կի Մանուկեան. «Մեր Միութիւնը Կը Ներկայացնէ Ամբողջ Լիբանանը»

Երէկ` ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին ներկայացուեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց կազմը, որ իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին, որուն ազդանշանը կը տրուի վաղը` կիրակի, 27 նոյեմբերին, Շանվիլ - Ռիատի բացման մրցումով:   Խումբին ներկայացման հանդիպումին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, միջազգային ողիմպիական դասախօս Ժիհատ Սալամէ, ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Ռիատա Ուալ Ատապ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Սաժես - Շեպիպեթ Մազրաա հանդիպումը աւարտեցաւ 1-1 հաւասարութեամբ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը կը կատարէ վաղը` կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալելով Ռիատա Ուալ Ատապը: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ը: Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղըպէյրի

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 27 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ղըպէյրի: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Ռաուտա), պիտի սկսի ժամը 18:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

Ճատրակ. Քարլսըն Շտկեց Իրավիճակը

Աշխարհի ճատրակի գործող ներվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն երէկ Նիւ Եորքի մէջ հաւասարեցուց արդիւնքը ռուս Սերկէյ Քարժաքինի հետ, երբ աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարին 10-րդ հանգրուանին ճերմակ քարերով յաղթանակ մը արձանագրեց 75-րդ շարժումին: Այժմ անոնց միջեւ արդիւնքը կ՛ընթանայ 5-5 հաւասարութեամբ: 8-րդ հանգրուանին յաղթանակ մը արձանագրեց Քարժաքին, մինչ մնացեալ ճակատումները աւարտեցան հաւասարութեամբ: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը բաղկացած է 12 հանգրուանէ:  ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներէն ոմանք պիտի ըլլան բաւական կարեւոր, մանաւանդ այն խումբերուն համար, որոնք կը պայքարին պարագլուխի դիրքը գրաւելու կամ վտանգաւոր գօտիէն հեռանալու համար: Բաւական հետաքրքրական ճակատում մը տեղի պիտի ունենայ Սպանիոյ մէջ, երբ Ռէալ Սոսիետատ հիւրընկալէ Պարսելոնան: Սոսիետատի դաշտին վրայ Պարսելոնա վերջին վեց մրցումներուն չէ կրցած յաղթանակ արձանագրել (5 պարտութիւն եւ 1 հաւասարութիւն): Գերմանիոյ...

Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Սարգիս Ադամեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Գերմանիոյ ֆութպոլի Դ. դասակարգի կազմերէն Շթայնպախ, Հեսենփոքալի բաժակի մրցաշարքին 5-0 արդիւնքով յաղթեց Ֆրանքֆորթին, կը յայտնէ Sports.news.am մարզական լրատուական կայքը: Յաղթական կազմին մաս կազմող Սարգիս Ադամեան յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել 48-րդ եւ 64-րդ վայրկեաններուն: Նշենք, որ 23 տարեկան յառաջապահը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միանալու թեկնածու է: Ան Դ. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ցարդ նշանակած է 13 կոլ: Նշենք, որ Հեսենփոքալի բաժակի մրցաշարքին...

22 Տարեկան Կռփամարտիկը Մահացաւ` Իր Ոչ Արհեստավարժ Ասպարէզին Առաջին Մենամարտը Կատարելէ Ետք

22 Տարեկան Կռփամարտիկը Մահացաւ` Իր Ոչ Արհեստավարժ Ասպարէզին Առաջին Մենամարտը Կատարելէ Ետք

Իր լուրը քաղելով անգլիական «Միրըր» օրաթերթէն` Sport.news.am կայքը կը հաղորդէ, որ անգլիացի 22 տարեկան կռփամարտիկ Քուպա Մոչիք իր ոչ արհեստավարժ ասպարէզին առաջին մենամարտը կատարելէ ետք մահացած է: 3-րդ ռաունտէն ետք, ծագումով լեհ մարզիկը իր գլուխէն ստացած է քանի մը հարուած: Ան իր ուշքը կորսնցնելով փոխադրուած է հիւանդանոց, ուր մահացած է: Կը նշուի, որ ան մահացած է ուղեղի արիւնահոսութեան պատճառով: Վերջին...

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Այսօր Կը Ներկայացնէ Իր Տղոց Կազմը

Այսօր` ուրբաթ, 25 նոյեմբերին կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ ՀՄԸՄ կը ներկայացնէ իր կազմը, որ պիտի մասնակցի Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի մրցումներուն: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ վերջերս տիրացաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին եւ կը նկատուի ախոյեանութեան տիտղոսին լուրջ թեկնածուներէն մէկը:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Մինի Պասքեթպոլի Յայտագիր

  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կազմակերպած է մինի պասքեթպոլի մրցաշարք մը, կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Մրցաշարքին կրնան մասնակցիլ 2005-2006-ի ծնունդ աշակերտները, պայմանով, որ անոնք դաշտ ներկայ ըլլան մրցումէն նուազագոյնը կէս ժամ առաջ: Ստորեւ կը ներկայացնենք կիրակի, 27 նոյեմբեր 2016-ի ամբողջական յայտագիրը.- Տղաք 9:00  Ս. Հռիփսիմեանց...

ՖԻՖԱ-ի Դասաւորում. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Մեծ Ոստում Մը Արձանագրեց

ՖԻՖԱ-ին կողմէ երէկ հրապարակուած աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերու նոր դասաւորման մէջ Հայաստանի ազգային հաւաքականը մեծ ոստում մը արձանագրելով (38 դիրքի) բարձրացաւ 87-րդ դիրք: Նախորդ դասաւորումին հրապարակումէն ետք, Արթուր Պետրոսեանի գլխաւորած խումբը կատարեց մէկ մրցում եւ 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ յաղթեց Մոնթենեկրոյին (3-2), որ չկրցաւ պահել իր ունեցած երկու կոլի առաւելութիւնը: Առաջին դիրքին վրայ է Արժանթին: Պրազիլ բարձրացաւ երկրորդ...

Page 1039 of 1276 1 … 1,038 1,039 1,040 … 1,276

Արխիւներ