
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած մրցումին Լէյքըրզ 118-110 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Շիքակօ Պուլզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 40 կէտ:
Երկարաձգումէն ետք, Օքլահոմա Սիթի 115-110 արդիւնքով պարտուեցաւ իր հիւրէն` Ինտիանա Փէյսըրզէն: Օքլահոմայէն Ռասըլ Ուեթպրուք նշանակեց 31 կէտ:
Նիւ Եորքի մէջ, Նիքս 104-94 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսի: Քարմելօ Անթոնի ի նպաստ յաղթական կազմին նշանակեց 31 կէտ:
Շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, այժմ ամէնէն շատ յաղթանակը (12) արձանագրած է Լոս Անճելըս Քլիփըրզ, իսկ ամէնէն քիչ (2) յաղթանակը` Տալաս Մավըրիքս:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
| Նիւ Եորք Նիքս – Աթլանթա Հոքս | 104-94 |
| Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պրուքլին Նեթց | 129-109 |
| Ինտիանա Փէյսըրզ – Օքլահոմա Սիթի | 115-111 |
| Սաքրամենթօ Քինկզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ | 102-99 |
| Տենվըր Նակեթց – Եութա Ճեզ | 105-91 |
| Շիքակօ Պուլզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 118-110 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (սկիզբը նշուած խումբերը հիւրընկալ կազմերն են).
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մայեմի Հիթ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Ֆէոնիքս Սանզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Միլուոքի Պաքս – Օրլանտօ Մեճիք
Մինեսոթա Վուլվզ – Պոսթըն Սելթիքս
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Տալաս Մավըրիքս
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Թորոնթօ Ռեփթըրզ


