Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով. Հիլալ Հարեթ Նաամէ Ստացաւ Բաւական Ծանր Պատիժներ

Նոյեմբեր 24, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը, վաւերացնելէ ետք նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, հրապարակեց այս շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը, ինչպէս նաեւ քննարկեց իր օրակարգին վրայ եղող հարցերը` տալով համապատասխան որոշումներ:

Ֆետերասիոնը քննութիւն բացաւ Ախա Ահլի Ալէյ – Անսար մրցումին գծով, որ մնացած էր կիսատ:

Սալամ Զղարթա մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ:

Բաւական ծանր պատիժներ ստացաւ Գ. դասակարգին մաս կազմող Հիլալ Հարեթ Նաամէն:

Նախ եւ առաջ անիկա Ահլի Սարպայի դէմ իր կատարած մրցումին 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ եւ անկէ խլուեցաւ վեց կէտ` նկատի ունենալով, որ անոր մարզիկները կռիւի բռնուելով պատճառ դարձան, որ մրցումը կիսատ մնայ:

Հարեթ Նաամէի մարզիկներէն Ապտել Ռահման Ֆախրէտտին, Ալաա Ֆախրէտտին, Պասսամ Ֆախրէտտին, Ժիհատ Ֆախրէտտին եւ Ահմետ Ապու Ժապպարա մէկական տարիով կախակայուեցան:

Ատկէ բացի, անոնք երեքական միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցան, բացի Ապու Ժապպարայէն, որ պիտի վճարէ մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկիի տուգանք մը:

Կը կարծուի, որ խումբը յաւելեալ պատիժներ ալ պիտի ստանայ, երբ ֆետերասիոնը ստանայ իրաւարարին եւ հսկող անձին վերջնական տեղեկագիրը:

Գ. դասակարգին մաս կազմող այլ խումբ մը` ՀՄՄ, մէկ միլիոն լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Խումբը պիտի հոգայ Սաֆայի դաշտին կրած վնասներուն ծախսերը, երբ ֆետերասիոնը այդ առնչութեամբ տեղեկագիր մը ստանայ:

Իսկ ՀՄՄ-ի պատասխանատուներէն Քարլօ Գասպարեան վեց ամիսով կախակայուեցաւ ֆետերասիոնին կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի ֆութսալի մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի մաս կազմող (Բ. դասակարգ) Անդրանիկ Կարապետեան մէկ մրցումով կախակայուեցաւ, իր երրորդ դեղին քարտը ստացած ըլլալուն համար:

Ստորեւ կու տանք այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Ա. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 9-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ

ՈՒՐԲԱԹ, 25 ՆՈՅԵՄԲԵՐԺԱՄԴԱՇՏ
Իժթիմահի – Նեպի Շիթ14:15Զղարթա
Անսար – Ռասինկ15:00Պէյրութ
ՇԱԲԱԹ, 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ.  
Սաֆա – Թրիփոլի17:20Սայտա
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ.  
Նըժմէ – Շապապ Սահել14:15Մարզական Աւան
Ահտ – Թատամոն Սուր15:30Սայտա

(Ախա Ահլի Ալէյ – Սալամ Զղարթա մրցումին մանրամասնութիւնները պիտի հրապարակուին աւելի ուշ):

Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՈՒՐԲԱԹ, 25 ՆՈՅԵՄԲԵՐ.  
Սաժես – Շեպիպեթ Մազրաա14:15Սաֆա
ՇԱԲԱԹ, 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ.  
Մապարրա – Շապապ Արապի14:15Ահտ
Շապապ Ղազիէ – Ամալ Մաարաքէ14:15Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ, 27 ՆՈՅԵՄԲԵՐ.  
Ահլի Նապաթիէ – Նասեր Պար Էլիաս14:15Քֆարժոզ
ՀՄԸՄ – Ռիատա Ուալ Ատապ14:15Պուրճ Համուտ
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Ահլի Սայտա14:15Սուր

Գ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 4-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ.

ՇԱԲԱԹ, 26 ՆՈՅԵՄԲԵՐ.  
Հիլալ Հարեթ Նաամէ – ՀՄՄ14:15Սաֆա
Նախորդը

Հռիփսիմէ Խուրշուդեան Զրկուեցաւ Լոնտոն-2012-ի Ողիմպիականի Պրոնզէ Մետալէն

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շանվիլ – Ռիատի Բացման Մրցումով Կը Սկսի Տղոց 2016-2017 Տարեշրջանի Ախոյեանութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Բռնցքամարտ.   Կարէն Չուխաջեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Յաղթական

Հոկտեմբեր 14, 2025
Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան
Մարզական

Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?