Արշակ Քորեան Եւ Իվան Եաքան` Կոլի Հեղինակներ
Արշակ Քորեան (ձախին) Հոլանտայի ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Վիթես իր դաշտին վրայ 2-0 արդիւնքով յաղթեց Կրոնինկընին: Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Արշակ Քորեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, կը տեղեկացնէ ArmFootball.com կայքը: 20 տարեկան յառաջապահը ներկայիս մաս կը կազմէ նաեւ Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականին: Պելճիքայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Սերքլը Պրիւժ իր դաշտին վրայ 1-0 արդիւնքով...









