«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան չորս ճակատումներ:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 111-109 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, թէեւ վերջինիս մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 34 կէտ:
Նշենք, որ այս յաղթանակը Լէյքըրզի համար եղաւ տարեշրջանի 8-րդը:
Թէեւ Ճիմի Պաթլըր նշանակեց 35 կէտ, սակայն անոր կազմը` Շիքակօ Պուլզ, 110-107 արդիւնքով պարտուեցաւ Տենվըր Նակեթցէն:
Նիւ Օրլինզ 112-94 արդիւնքով յաղթեց Աթլանթա Հոքսին, իսկ Նիւ Եորք Նիքս – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին (107-103):
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Շարլոթ Հոռնեթց – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Օրլանտօ Մեճիք – Ֆէոնիքս Սանզ
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Պրուքլին Նեթց – Պոսթըն Սելթիքս
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ
Տալաս Մավըրիքս – Լոս Անճելըս Քլիփըրզ
Եութա Ճեզ – Տենվըր Նակեթց
Նիւ Օրլինզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Օքլահոմա Սիթի