Նիւ Եորքի մէջ շարունակուող ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան տիտղոսին համար իրարու դէմ պայքար մղող նորվեկիացի Մակնիւս Քարլսըն եւ ռուս Սերկէյ Քարժաքին երէկ կատարեցին 9-րդ հանգրուանի մրցումը:
Քարժաքին, որ կը մրցէր ճերմակ քարերով, 74-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց գործող ախոյեանին դէմ:
Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ ի նպաստ ռուս կրանտմասթըրին` 5-4 արդիւնքով:
Ախոյեանութիւնը բաղկացած է 12 հանգրուանէ: