ArmFootball.com հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան լիկի մրցումներուն, հայ ֆութպոլիստներ իրենց մասնակցութիւնը բերած են գերմանական ակումբներու դէմ տեղի ունեցած մրցումներուն:
Ռուսական Ռոսթով ակումբին մաս կազմող Նորիկ Մկրտչեան ամբողջ 90 վայրկեան մասնակցած է Պայէրն Միւնիխի դէմ տեղի ունեցած մրցումին:
Այս մրցումին իր 5-րդ յաջորդական պարտութիւնը (1-0) կրելէ ետք, Ռոստով այժմ կը գրաւէ վերջին դիրքը:
Ինչ կը վերաբերի Մոսկուայի բանակայիններ – Պայէր Լեւերքուզըն մրցումին (2-1), ռուսական ակումբին հետ դաշտ ներկայացած են երկու հայ ֆութպոլիստներ:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Նայիր Տիկնիզեան 87-րդ վայրկեանին փոխարինուած է այլ մարզիկով մը:
Իսկ Արտեոմ Աւանէսեան դաշտ ներկայացած է մրցումին աւարտէն քանի մը վայրկեան առաջ:
Նշենք, որ Մոսկուայի բանակայիններու կազմը իր ապահոված 12 կէտով ապահովեց յաջորդ` փլէյ-օֆի մրցումներուն իր տոմսը: