Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցող աշխարհի ճատրակի ախոյեանութեան տիտղոսին համար մղուող պայքարի 8-րդ հանգրուանին ի վերջոյ յաղթանակ մը արձանագրուեցաւ, երբ ռուս Սերկէյ Քարժաքին սեւ քարերով, անակնկալ յաղթանակ մը արձանագրեց` 52-րդ շարժումին պարտութեան մատնելով աշխարհի գործող նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսընը:
Այսպիսով, Քարժաքին այժմ 4,5-3,5 արդիւնքով կը գերազանցէ Քարլսընը, որ իր կրած պարտութենէն ետք չուզեց մամլոյ ասուլիս տալ:
Կը նշուի, որ 2 վայրկեան սպասելէ ետք, Քարլսըն հեռացած է առանց սպասելու Քարժաքինին, որ մամլոյ ասուլիս մը կու տար: Նորվեկիացին այդ վարուելակերպին համար տուգանք պիտի վճարէ, կը նշէ «Էն. Ար. Քէյ.» լրատուամիջոցը:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը բաղկացած է 12 հանգրուանէ: