Եւրոպական Ֆութպոլ. 2025-2026 Եղանակը Կը Մօտենայ (Գ. Մաս)
Ռետ Պուլ Լայփցիկ - 2023-2024 տարեշրջանին` 4-րդ, 2024-2025 տարեշրջանին` 7-րդ: Անցեալ տարեշրջանի տկար կէտը` յարձակումներու պակաս: Լայփցիկ «Պունտըսլիկա»-ի իր պատմութեան ամէնէն վատ եղանակը բոլորեց, եւ շատ աւելի վատ կրնար ըլլալ արդիւնքը: Ան աւարտեց 7-րդ դիրքի վրայ, բայց կոլերու տարբերութիւնը զայն կը դասէր 10-րդ, եւ առաջին անգամ ըլլալով (2016-2017 տարեշրջանէն ի վեր) «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի մրցաշարքերէն դուրս մնաց: Լայփցիկ իր «Բանալի» մարզիկներէն ոչ...




















