Կարէն Խաչանով հասաւ Թորոնթոյի թենիսի մրցաշարքի աւարտական` պարտութեան մատնելէ ետք թիւ 1 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւը` 6-3, 4-6 եւ 7-6 (7-4) արդիւնքով:
4-րդ դասուած Պեն Շելթըն անակնկալի բերաւ իր ազգակից Թէյլըր Ֆրիցը` 6-4 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով «զուտ ամերիկեան» կիսաւարտականին:
«Այսօր մազապուրծ փրկուեցայ: «Մեչ Փոյնթ» ունէր, եւ եթէ գնդակը ուռկանին դպնալով իմ կողմս իյնար, հիմա հոս չէինք զրուցեր…», ըսաւ Խաչանով, որ 7-5 արդիւնքով կրնար պարտուիլ 3-րդ սեթին:
«Ահռելի սէթ մըն էր առաջինը, ուր շատ առիթ տուի իրեն, եւ ան շատ լաւ էր եւ առիթը օգտագործեց, ըսաւ Զվերեւ:
Մոնրէալի աղջկանց կիսաւարտականի հանգրուանին, քանատացի Վիքթորիա Էմպոքօ (թիւ 85) իր յաջող ելոյթները շարունակեց եւ Քոքօ Կաֆէն ետք դուրս ձգեց նաեւ Էլենա Ռիպաքինան 1-6, 7-5 եւ 7-6 արդիւնքով, 2 ժամ 46 վայրկեան ետք:
18 տարեկան Էմպոքօ 3-րդ սեթին «Մեչ Փոյնթ մը փրկեց եւ 2 անգամ Ռիպաքինայի սերվիսը պրէյք ընելով պարտադրեց թայ-պրէյք:
Աւարտականին Էմպոքօ պիտի մրցի ճափոնցի Նաոմի Օզաքայի դէմ, որ 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դանիացի Քլարա Թաուսոնը: