Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Կրեց Տարեշրջանի Իր Առաջին Պարտութիւնը

August 5, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի յետմիջօրէին Ճիւնիի մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ այս տարեշրջանի իր 13-րդ մրցումը կը կատարէր եւ առիթ ունէր մեծ քայլ մը առնելու դէպի Գ. դասակարգ, չկրցաւ լաւ ելոյթ ունենալ եւ պարտութիւն մը կրեց Շեֆքքայէն:

Մրցումին առաջին կիսախաղը շատ արագ սկսաւ, ուր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ անակնկալի եկաւ կանուխ փենալթի մը «նուիրելով» մրցակիցին:

Արդարեւ, 3-րդ  վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի աջ կողմէն յարձակումէ ետք, մրցակից կազմը կրցաւ փենալթի մը շահիլ եւ կոլ նշանակեց շնորհիւ Քարիմ Քարհանիի:

Անակնկալ կոլը ստանալէն ետք, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ փորձեց փոխադարձել, բայց առաջին կիսախաղին մասնաւոր առիթներ չկրցաւ ստեղծել: Անշուշտ այդ կանուխ կոլը պատճառ դարձաւ, որ մրցակիցը աւելի պաշտպանողական խաղ կիրարկէ, եւ մեծ թիւով մարզիկներ պաշտպանեցին մրցակիցը, ուր միայն 2-3 արագ մարզիկներ հակայարձակումներ կը փորձէին` ոչ մէկ ձեւով վտանգելով ՀՄԸՄ-ի բերդը:

Կրնանք ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի բերդապահ Մոհամետ Պաթրաշ միայն 1 անգամ գնդակ զսպեց առաջին կիսախաղին:

Բ. կիսախաղին փոխարինում տեղի ունեցաւ, երբ ձախ պաշտպան Ալեք Ալճեան փոխարինուեցաւ Հիւսէյն Պեզզիով, որ աջ պաշտպան դիրքի վրայ կը խաղայ, մինչ Էլի Փիլաւճեան, որ աջ կողմ կը խաղար, անցաւ ձախ:

Կարեւորագոյն կէտը, որ ՀՄԸՄ-ի տկար կէտն էր, առաջին կիսախաղին դաշտի կեդրոնն էր, ուր խմբապետ Աւիկ եւ Յակոբ Նաճարեան համեմատաբար աւելի լաւ էին Բ. կիսախաղին:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը փորձեցին առիթներ ստեղծել, բայց յաճախ վերջին որոշումը սխալ կ՛ըլլար… դէպի բերդ հարուածել կամ փոխանցել:

Ֆատել Ռիտա քանի մը առիթով չկրցաւ ճիշդ որոշում տալ, մինչ Ալի Ֆահսի մուտք գործելէն ետք աւելի վտանգաւոր առիթներ ստեղծուեցան:

Բայց բաւական անբախտ մրցում ունեցաւ անցեալ տարուան կոլ-սքորըր Եուսեֆ Համատէ, որուն հարուածները բերդապահին բախտէն ձեռքերուն կու գային:

Մրցումին արդիւնքը կը մնար անփոփոխ մինչեւ 90-րդ վայրկեան, երբ երեւոյթով պարզ յարձակումէ մը ետք Շեքքա օգտուեցաւ Պեզզիի ոչ շատ յաջող զսպած գնդակէն, Ղատի Հուտ անզսպելի հարուածով նշանակեց 2-րդ կոլը:

Հակառակ շատ ժամանակ կորսնցնելուն, իրաւարարը 5 յաւելեալ վայրկեաններ աւելցուց միայն:

94-րդ վայրկեանը անցած էր, երբ Իպրահիմ Մուսաուի շահեցաւ փենալթի մը, որ դիւրութեամբ կոլի վերածեց Եուսեֆ Համատէ:

97-րդ վայրկեանին վերջին ոսկի առիթը կորսնցուցած Զէյն Ֆայյատ, երբ բերդէն շատ մօտ դիրքի վրայէն բաւական բարձր հարուածեց, եւ մրցումը վերջ գտաւ 2-1 արդիւնքով:

Ցաւալին այն է, որ մնացեալ խումբերուն արդիւնքները շատ յարմար էին բոլորէն հեռանալու, եթէ անշուշտ յաղթէինք:

Օր մը առաջ Ռաուտա Տըքուանէ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Լիուա Սայտային, որ անցեալ շաբաթ 3-1 արդիւնքով յաղթած էր Շեքքային:

Յամենայն դէպս, միշտ ալ պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է չվստահիլ այլ խումբերու արդիւնքներուն, այլ մեր մրցումին վրայ կեդրոնանալ:

Տակաւին 3 մրցումներ կան, եւ երեք մրցումներուն յաղթելով կրնանք շատ հանգիստ բարձրանալ Գ. դասակարգ:

Շատ կարեւոր է կեդրոնացած ֆութպոլ խաղալ` մոռնալով, թէ մրցակիցը ով է: Կրնայ ըլլալ, որ թերագնահատուած Շեքքան աւելի արագ էր եւ երիտասարդ, եւ կը կարծուէր, թէ դիւրին մրցակից կրնայ ըլլալ, մանաւանդ որ առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտուած էր, բայց շաբաթավերջին Ռաուտա Տըքուանէի դէմ պէտք է անպայման յաղթել եւ պայքարիլ 90 վայրկեան եւ ոչ թէ 45 վայրկեան:

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Ղուլ Լիբանանի Ախոյեան

Յաջորդը

Ուրբաթ Օր Սպիտակ Տան Մէջ Թրամփ-Փաշինեան-Ալիեւ Հանդիպո՞ւմ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.