«Էն. Պի. Էյ.» Տոնչիչ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը Լէյքըրզի Հետ
Սլովենիացի Լուքա Տոնչիչ 3 տարիով երկարաձգեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզի հետ իր պայմանագրութիւնը: Տոնչիչ 165 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն իր ապագան Լոս Անճելըսի մէջ պիտի անցընէ: Անցեալ փետրուարին Լէյքըրզին միացած Տոնչիչ մասնակցեցաւ անոր 28 մրցումներուն: «Շատ շնորհակալ եմ Լէյքըրզի միութեան, իմ խմբակիցներուս եւ համակիրներուն` ինծի եւ իմ ընտանիքիս նեցուկ կանգնելնուն եւ լաւ ընդունելութեան համար առաջին օրէն իսկ: Այս միութիւնը մեծ ծրագիր...




















