Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. 2025-2026 Եղանակը Կը Մօտենայ (Գ. Մաս)

Օգոստոս 9, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռետ Պուլ Լայփցիկ – 2023-2024 տարեշրջանին` 4-րդ, 2024-2025 տարեշրջանին` 7-րդ:

Անցեալ տարեշրջանի տկար կէտը` յարձակումներու պակաս:

Լայփցիկ «Պունտըսլիկա»-ի իր պատմութեան ամէնէն վատ եղանակը բոլորեց, եւ շատ աւելի վատ կրնար ըլլալ արդիւնքը: Ան աւարտեց 7-րդ դիրքի վրայ, բայց կոլերու տարբերութիւնը զայն կը դասէր 10-րդ, եւ առաջին անգամ ըլլալով (2016-2017 տարեշրջանէն ի վեր) «Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ի մրցաշարքերէն դուրս մնաց:

Լայփցիկ իր «Բանալի» մարզիկներէն ոչ մկը կորսնցուց մինչեւ օրս, բայց Պենիամին Շեշքօ, Լոյս Օփենտա եւ յարձակող միջնապահ Չաւի Սիմոնզ շատ հաւանաբար մեկնին: Ասիկա կրնայ շատ չազդել խումբին վրայ, մանաւանդ որ այս եռեակը լաւ տարեշրջան չունեցաւ վերջերս: Լայփցիկ 24 կոլեր աւելի նուազ կրցած էր նշանակել բաղդատմամբ նախանցեալ տարեշրջանին: Անոնք կրցան պայքարիլ եւ ճնշումով գնդակին վերատիրանալ, բայց ստեղծագործութեան առումով անոնք գրեթէ առանց լուծումներու էին:

Արդէն իսկ խումբէն հեռացած են Իլայիս Մորիպա (Սելթա) եւ Եուսուֆ Փուլսըն (Համպուրկ):

Խումբին միացան պաշտպանող միջնապահ Արթուր Վերմիրըն (Աթլեթիքօ Մատրիտ), աջ ծայրի յառաջապահ Եոհան Պաքայոքօ (ՓՍՎ. Այնտհովըն), ձախ ծայրի յառաջապահ Եան Տիոմանտէ (Լեզանես), միջնապահ Էզեքիել Պանզուզի (Լէօվեն) եւ յարձակող միջնապահ Անտրիա Մաքսիմովիչ (կարմիր աստղ Պելկրատ):

Նոր Մարզիչ Օլէ Վերներ շատ հմայիչ անուն մը չէ, մանաւանդ որ իր նախկին ակումբը` Վերտըր Պրեմըն որքա՛ն տարիքով յառաջացած մարզիկներ ունէր, իսկ այժմու Լայփցիկը որքա՛ն երիտասարդ տարրեր պիտի ունենայ այս տարեշրջանին: Բայց եթէ նայինք, թէ որքա՛ն յարձակողական ֆութպոլ կրցաւ ցուցաբերել շատ «պարզ» խաղցողներով, եւ այժմ ո՛ր մարզիկները պիտի մնան ակումբին մէջ, պէտք է տեսնենք, թէ որքա՛ն լաւ արդիւնք կրնայ ան ձեռք ձգել 22 տարեկան Պաքայոքայի եւ շատ «կարծր» Տիոմանտէ-Մաքսիմովիչ զոյգին հետ: Շատ հաճելի պիտի ըլլայ դիտել այս երիտասարդ խմբակին արդիւնքը` դաշտին վրայ:

Շթութկարթ – 2023-2024 տարեշրջանին` 2-րդ, 2024-2025 տարեշրջանին` 9-րդ:

Անցեալ տարեշրջանի տկար կէտը… ամէն ինչ դէպի վատ: Ի՞նչ կը պատահի, երբ խումբի լաւագոյն վեթերան եռեակը կորսնցնես, սքաչելի տարեշրջանէ մը ետք… վստահ դէպի վատը կ՛ընթանաս:

Շթութկարթ 2009-2010 տարեշրջանէն ետք առաջին անգամ ըլլալով հասած էր «Չեմփիընզ լիկ», բայց ասիկա «տօնեց» կորսնցնելով կոլ-սքորըր Սերհու Կերասին եւ կեդրոնի պաշտպան Վալտըմար Անթոնը ի նպաստ Տորթմունտի, իսկ կեդրոնի պաշտպան Հերոքի Իթոն` ի նպաստ Պայերնի: Արդիւ՞նք… Անոնք վատ էին ֆինիշինկի մէջ եւ շատ վատ կը պաշտպանէին:

Անոնք գրաւեցին 9-րդ դիրքը, դուրս մնացին «Չեմփիընզ Լիկ»-ի առաջին հանգրուաններէն, բայց շահելէ ետք Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակը, հասան «Եուրոփա Լիկ»:

Ակումբը լքեց ձախ ծայրի յառաջապահ Եաքոպ Պրուն Լարսեն (Պըրնլի): Ակումբին միացան աջ պաշտպան Լորենց Ասինիոն (Ռենն) եւ աջ ծայրի յառաջապահ Լազար Եովանովիչ (կարմիր աստղ Պելկրատ):

Մինչեւ հիմա Շթութկարթ կրցաւ պահել յառաջապահ Նիք Վոլթըմարէն, որ Պայերն Միւնիխի ուշադրութիւնը գրաւած էր: Ան Ճէյմի Լեվելենկի հետ միասին (եթէ մնան), կրնայ աւելի եւս յառաջդիմել, եւ եթէ անցեալ տարի միացած յառաջապահ Տենիզ Ունտաւ  վերագտնէ իր մակարդակը, անոնք կրնան լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել: Եթէ այս բոլորը կապենք անցեալ տարուան երիտասարդ պաշտպաններ Ռամոն Հենտրիքսի եւ Ֆինն Ելչի յառաջդիմութեան ու Ասինիոնի միանալուն, կրնանք տեսնել Շթութկարթի անցեալ տարուան ժխտական արդիւնքներուն դրականի փոփոխութիւնը: Նախանցեալ տարեշրջանին նման «Չեմփիընզ Լիկ»-ի դիրքեր գրաւելը կրնայ դժուար ըլլալ, բայց վստահաբար անցեալ եղանակէն շատ աւելի բարձր դիրք պէտք է գրաւէ Շթութկարթ:

Ռէալ Սոսիետատ – 2023-2024 տարեշրջանին` 6-րդ, 2024-2025 տարեշրջանին` 11-րդ:

Անցեալ տարեշրջանի տկար կէտը` յարձակողականը: Սոսիետատի անցեալ 7 տարիներու ամէնէն վատ տարեշրջանին միակ պատճառը կոլ նշանակելն էր: «Լա լիկա»-ի կոլ նշանակողներու 17-րդ դիրքը գրաւող խումբը շատ քիչ առիթներ ստեղծած էր: Խումբին երկու յառաջապահներ Միքել Օյարսապալ եւ Թաքեֆուսա Քուպօ միասնաբար 14 կոլ նշանակած էին միայն, իսկ խումբի մնացեալ անդամները  20 կոլ:

Սոսիետատի խաղաոճն ալ երկար տարիներու մարզիչ Իմանոլ Ալկուասիլի հետ վերջերս բաւական ձախող էր` տարիներ յաջողելէ ետք: Այժմ Ալկուասիլ չկայ եւ փոխարինուած է Սերխիօ Ֆրանսիսքոյի հետ:

Խումբը լքած է միջնապահ Մարթին Սուպիմենտի (Արսենալ), մինչ ոչ մէկ նոր խաղցող ձեռք ձգուած է:

Լաւ թէ վատ, յստակ է, որ Սոսիետատ կը վստահի իր անձնական ուժերուն` առիթ տալով իր երիտասարդ խումբերէն բարձրացող մարզիկներուն: Թուղթի վրայ, առանց Սուպիմենտիի, խումբը աւելի տկար կրնայ ըլլալ, բայց ինչպէս նշեցինք, վստահելով իր անձնական ուժերուն, խումբը կրնայ լաւ արդիւնք տալ, եւ եւրոպական բաժակներու յարմար դիրքեր գրաւել:

ժերոնա. 2023-2024 տարեշրջանին` 3-րդ, 2024-2025 տարեշրջանին 16-րդ: Անցեալ տարուան տկար կէտը` ամէն ինչ, մասնաւորապէս` կոլ նշանակել: Շթութկարթի ետ մնալը սպասելի էր, բայց Ժերոնայինը շատ յստակ էր: «Լա լիկա» բարձրանալէն տարի մը ետք 3-րդ դիրքը գրաւող խումբը շատ մարզիկներ լքեցին: Յառաջապահներ Արթեմ Տովպիք (Ռոմա), Փաու Վիթոր (Պարսելոնա), ծայրի յառաջապահ Սավինիօ (Մանչեսթըր Սիթի) եւ միջնապահ Ալեխ Կարսիա (Պայեր Լեւերքուզըն):

Աւելի՛ն, անցեալ տարեշրջանին ձեռք ձգած մարզիկներ Եասեր Ասփրիժա եւ Տոնի Վան Տը Պիք մասնաւոր տպաւորիչ ելոյթ չունեցան, եւ Ժերոնա նահանջեց «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումներուն միայն մէկը յաղթելով եւ մէկ կէտով փրկուելով Բ. դասակարգէն: 85 կոլ նշանակած խումբը տարեշրջան մը ետք միայն 44 կոլ կրցաւ նշանակել:

Ոչ մէկ մարզիկ լքեց խումբը, մինչ յարձակող միջնապահ Թոմաս Լեմար (Աթլեթիքօ Մատրիտ) եւ աջ պաշտպան Հուկօ Ռենքոն (Աթլեթիքօ Պիլպաօ) միացան մինչեւ օրս:

Ակումբը ոչ մէկ ձեւով զօրացուց մարզիչ Միչելի խումբը այս ամառ: Լըմար վերջին երեք տարեշրջաններուն մէկ կոլ նշանակած է, եւ մինչ Ռենքոն (22 տարեկան) լաւ ապագայ կը խոստանայ իբրեւ յարձակող աջ ծայրի պաշտպան, ան ժամանակաւոր է եւ վարձավճարով միացած է խումբին: Նոյն խումբով շարունակելը կրնայ ըլլալ կայունութիւն տայ խումբին, բայց Ժերոնա այս ընթացքով «Լա լիկա»-ի լաւագոյն 5-ին մէջ դժուար թէ ըլլայ:

ՎԵՐՋ

Նախորդը

Սեւրի Դաշնագիրի 105-Ամեակ. Ո՞ւր Է Հայկական Միջանցքը

Յաջորդը

Եւրոպական Բաժակներ. Նոա Անարդար Հաւասարութիւն Արձանագրեց, Արարատ -Արմենիա Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?