Այսօր ժամը 21:00-ին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի ազգային խումբը պիտի կատարէ իր առաջին մրցումը` Ասիոյ բաժակի գծով, Քաթարի դէմ: Քաթար եւ Լիբանան 4 անգամ մրցած են իրար դէմ 2009-էն 2015-ի միջեւ, Լիբանան յաղթած է առաջին (73-63) եւ վերջին (89-86) ճակատումներուն եւ այսօր անպայման պէտք է յաղթէ` նկատի ունենալով, որ խմբակին յաջորդ մրցակիցներն են Աւստրալիան եւ Հարաւային Քորէան:
Աւստրալիա Ասիոյ թիւ 1 դասուած խումբն է, մինչ Քաթար եւ Քորէա 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը կը գրաւեն:
Լիբանանի ազգային խումբը 6-րդ դասուած խումբն էր բարձրացաւ 5-րդ դիրքի` նկատի ունենալով իր յաջող ելոյթները Պէյրութի միջազգային մրցաշարքին, ուր նոյնիսկ առանց Ուաէլ Արաքժիի կրցած էր յաղթել Ասիոյ նախկին թիւ 5 դասուած Իրանին:
Այժմ Ուաէլ Արաքժի վերադարձած է, բայց անշուշտ բժիշկը կրնայ տալ վերջնական վճիռը, թէ ան ե՛րբ պատրաստ կ՛ըլլայ: Պիտի վերադառնան նաեւ Օմար Ժամալէտտին եւ Ալի Մանսուր, մինչ Քարիմ Իզզէտտին պիտի բացակայի այս մրցաշարքէն:
Այսօր կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին Աւստրալիա պիտի մրցի Քորէայի դէմ` խմբակի բացման մրցումին:
Լիբանանի յաջորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ ուրբաթ օր երեկոյեան ժամը 18:00-ին, իսկ խմբակի երրորդ մրցումը տեղի կ՛ունենայ Քորէայի դէմ, կիրակի օր երեկոյեան ժամը 18:00-ին:
4 խմբակներու բաժնուած խումբերը Ժետտայի մէջ (Սէուտական Արաբիա) պիտի մրցին իրար դէմ, մրցումներու աւարտին առաջին դիրքը գրաւող խումբերը պիտի հասնին քառորդ աւարտական, մինչ 2-րդ եւ 3-րդ դիրքը գրաւող խումբերը կը հասնին զտումի հանգրուան, որոնց աւարտին կը յստականան քառորդ աւարտականը ամբողջացնող խումբերը:
Ստորեւ` 4 խմբակները.
Ա. ԽՄԲԱԿ
Լիբանան, Քաթար, Աւստրալիա եւ Քորէա:
Բ. ԽՄԲԱԿ
Կուամ, Ճափոն, Սուրիա եւ Իրան:
Գ. ԽՄԲԱԿ
Չինաստան, Յորդանան, Հնդկաստան եւ Սէուտական Արաբիա:
Դ. ԽՄԲԱԿ
Թայփէ, Նոր Զելանտա, Իրաք եւ Ֆիլիփեան կղզիներ:
11 օգոստոսին կը սկսին քառորդ աւարտական հանգրուանի զտումի մրցումները, մինչ 13 օգոստոսին` քառորդ աւարտականը: 16 օգոստոսին տեղի կ՛ունենան կիսաւարտականի մրցումները, իսկ 17 օգոստոսին` աւարտականն ու 3-րդ դիրքի մրցումը:
Ինչպէս նշեցինք, ՖԻՊԱ-ի կազմակերպած 31-րդ Ասիոյ բաժակի մրցաշարքը կը հիւրընկալէ Սէուտական Արաբիոյ Ժետտա քաղաքը:
Վերջին մրցաշարքի աւարտականին (2022), Ինտոնեզիոյ մէջ, Աւստրալիա 2 կէտի առաւելութեամբ միայն կրցած էր յաղթել Լիբանանին (75-73), որուն աստղը` Ուաէլ Արաքժի, դարձած էր մրցաշարքի «Էմ. Վի. Փի.»: