1990-ի Մոնտիալի տիտղոսակիր Ֆրանք Միլ երեքշաբթի օր մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով: Միլ 67 տարեկան էր եւ երկու զաւակի տէր:
Ըստ «Պիլտ»-ի, Միլ անցեալ մայիսին սրտի կաթուած ունեցած էր եւ շտապօգնութեան բժիշկներու աշխատանքով վերակենդանացած էր:
«Ֆրանք ոչ միայն Ռոթ-Վայս Էսենի պատմութեան լաւագոյն մարզիկներէն մէկն էր, այլ նաեւ շատ լաւ բնաւորութեան տէր անձ մը, որ դրական մթնոլորտ կը ստեղծէր ամէն տեղ» ըսաւ Միլի նախկին ակումբ Ռոթ-Վայս Էսենի վարչական Ալեքսանտր Ռանկ:
Միլ մաս կը կազմէր Արեւմտեան Գերմանիոյ 1990-ի Մոնտիալը շահած ազգային խումբին, որ այժմ կորսնցուց իր 2-րդ աստղը` Անտրէաս Պրեմէէն ետք, որ մահացած էր անցեալ տարի:
Միլ խաղցած է Ֆորթունա Տիւսելտորֆի, Էսենի, Պորուսիա Տորթմունտի եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախի ակումբներէն, ինչպէս նաեւ 17 մրցում կատարած է Արեւմտեան Գերմանիոյ ազգային խումբին հետ: