Այս կիրակի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Գ. դասակարգ բարձրանալու աւարտական հանգրուանի իր 3-րդ մրցումը պիտի կատարէ Լիուաա Սայտայի դէմ:
Առաջին շաբթուան մրցումներուն, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Լիուաա Սայտա յաղթանակներ արձանագրած էին յաջորդաբար Սանհարիպի եւ Շեքքայի դէմ, 3-1 արդիւնքով:
Շատ մարդիկ կարծեցին, թէ զօրաւոր թեկնածու է Լիուաա Սայտան, որ իր երկրորդ մրցումին նոյն արդիւնքով պարտուեցաւ Ռաուտա Տըքուանէէն:
Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ: Ինչպէս միշտ կ՛ըսենք, դաշտի վրայ 11 մարզիկներ կը ճակատին մրցակից 11-ին դէմ, եւ ո՛վ որ աւելի լաւ խաղայ, պայքարի եւ որուն որ բախտը ժպտի, այն է, որ կը յաղթէ: Կարեւորագոյն բաները լաւ խաղալն ու պայքարիլն են, մինչ բախտի բաժինը կրնայ միայն 5 տոկոս ըլլալ:
Կիրակի օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ ձախող առաջին կիսախաղէ մը ետք բաւական լաւ Բ. կիսախաղ մը ունեցաւ, բայց վստահաբար խօսուելիք եւ վերլուծելիք շատ բաներ կան, որոնցմէ վստահաբար մարզիկները պիտի սորվին եւ մարզիչ Խէյրէտտինի գլխաւորութեամբ պիտի վերադառնան յաղթանակի գիծին:
Այո՛, այս կիրակի (եթէ ֆետերասիոնը չփոխէ ժամանակացոյցը) Լիուաա Սայտային դէմ 3 կէտերով պիտի վերադառնանք, ոչ թէ մրցակիցը տկար խումբ է ըսելով, այլ որովհետեւ մենք լաւ պիտի խաղանք եւ յաղթենք: Երբ դուն լաւ խաղաս, մրցակիցդ տկար կրնայ երեւիլ, իսկ երբ դուն լաւ չխաղաս, մրցակիցիդ առիթ կու տաս, որ լաւ խաղայ, ինչպէս պատահեցաւ Շեքքայի դէմ, որ շատ պարզ խումբ մըն էր, բայց բախտի բերմամբ փենալթի մը շահեցան մրցումին սկիզբը, եւ մնացեալ պահերուն միայն պաշտպանուեցան, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի դէմ, որ հակառակ առիթներ ստեղծելուն չկրցաւ լաւ ելոյթ մը ունենալ:
12 յաղթանակներէ ետք ներելի էր այդ մէկը, բայց յուսանք, որ կը սորվինք պզտիկ սխալներէ, որոնք կրնան դժբախտութեան պատճառ դառնալ:
Տակաւին ունինք Լիուաա Սայտան, ապա Ռաուտա Տըքուանէն եւ Սալամ Զղարթայի Ամալը, բայց այս շաբաթ պէտք է կեդրոնանալ միայն Լիուաա Սայտայի վրայ, եւ իրապէս աւարտական մրցումի նման պէտք է խաղանք: