Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ (Բ. Մաս). 2025-2026 Տարեշրջանը Կը Մօտենայ

Օգոստոս 8, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Թոթենհամ. 2023 – 2024 տարեշրջանին 5-րդ,  2024-2025 տարեշրջանին 17-րդ: Անցեալ տարուան տկար կէտը… պաշտպանողականը: Ըստ երեւոյթին, տարի մը առաջ լաւ պաշտպանողական ունեցող խումբերը ետ մնացած են անցեալ տարեշրջանին զանազան պատճառներով: Կա՛մ պատճառը այն է, որ լաւ մարզիկները վիրաւորուած են, կա՛մ ալ իրենց ակումբը փոխած են:

Դանիացի Թոմաս Ֆրանք 7 տարի մարզելէ ետք Պրենթֆորտը այժմ եկած է Լոնտոնի Թոթենհամը մարզելու, խումբ մը, որ անցեալ տարի տարօրինակ մրցանիշ արձանագրած էր 1 կոլի տարբերութեամբ պարտուելով եւ դառնալով Եւրոպայի լաւագոյն 5 ախոյեանութիւններու ամէնէն վատ խումբը` 21 մրցումներու ընթացքին միայն 1 մրցում յաղթելով: Վստահաբար մարզիչ Ֆրանքի գլխաւորութեամբ խումբին պաշտպանողական գիծի վրայ լուծումներ պիտի գտնուին, ուր աւելի նուազ պիւտճէ ունեցող Պրենթֆորտի պաշտպանողականը շատ աւելի լաւ էր Թոթենհամէն:

Թոթենհամը լքած է քորէացի Սոն Հեոնկ-Մին,  որ 10 տարի փայլեցաւ Լոնտոնի ակումբին հետ եւ այժմ կը մեկնի Միացեալ Նահանգներ,  33 տարեկանին:

Խումբին նորեկներն են` աջ ծայրի յառաջապահ Մոհամետ Քուտոս (Ուեսթհամէն) յառաջապահ Մաթայս Թել (Պայերն Միւնիխէն), կեդրոնի պաշտպան Քեւին Տանսօ (Լանսէն), կեդրոնի պաշտպան Լուքա Վուսքովիչ (Հայդուկ Սփլիթէն) եւ կեդրոնի պաշտպան Քոթա Թաքայ (Քաուազաքի Ֆրոնթալ):

Կրնայ ըլլալ, որ Քուտուսի (63,8 միլիոն եւրօ) եւ Թելի (35 միլիոն եւրօ) գիները քիչ մը բարձր էին, բայց Սոնի հեռանալը, ինչպէս նաեւ Մորկըն Կիպզ-Ուայթի փոխանցումին ձախողութեան պատճառով եւ անշուշտ Ճէյմս Մետիսընի վիրաւորուիլը ստիպեցին, որ Թոթենհամ յառաջապահ գիծի մարզիկներ ալ ձեռք ձգէ: Բայց 3 կեդրոնի պաշտպան ձեռք ձգելով վստահաբար անոնք խումբին տկար կէտը գտան:

– Մանչեսթըր Եունայթըտ – 2023-2024 տարեշրջանին 8-րդ, 2024-2025 տարեշրջանին` 15-րդ:

«Կարմիր սատանաներ»-ուն տկար կէտը «Ֆինիշինկ»-ն էր անցեալ տարեշրջանին:

Թուղթի վրայ Եունայթըտ համեմատաբար նախանցեալ տարեշրջանէն աւելի լաւ էր եւ մրցակիցներուն քանակով առիթներ ստեղծած էր, բայց առիթները կոլի չվերածելով մեծ թիւով կէտեր կորսնցուցած էր խումբը եւ նոյնիսկ Բ. դասակարգ իջնելու վտանգին մօտեցած:

Գրեթէ բոլոր մարզիկներն ալ իրենց կարողութենէն աւելի նուազ արդիւնաւէտ էին:

Վստահաբար, Պրունօ Ֆեռնանտեշի նման մարզիկներ շատ աւելի լաւ արդիւնք կրնան տալ նոր յառաջապահներու հետ:

Սփորթինկ Լիզպոնի մարզիչ Ռուպին Ամորիմ 2024-ի նոյեմբերին միացաւ Եունայթըտին եւ փորձեց իր կարելին ընել «վիրաւոր» խումբով, ուր որեւէ մարզիկ ֆութպոլէ անկախ ամէն ինչ լաւ կը կատարէր…

Ակումբը լքեց Մարքուս Ռաշֆորտ, որ Վարձավճարով միացաւ Պարսելոնային, մինչ խումբին միացան աջ ծայրի յառաջապահ Պրայըն Էմպուեմօ (Պրենթֆորտէն),  յառաջապահ Մաթէու Քունիա (Վուլվզէն) եւ հաւանաբար միանայ նաեւ Պենիամին Շեշքօ (Լայփցիկէն):

Իրականութեան մէջ Եունայթըտ կեդրոնացած էր Օլի Ուաթքինզի վրայ, բայց Ուեսթ Համ չուզեց Ուաթքինզը ծախել, եւ այդ պատճառով կեդրոնացումը եղաւ Լայփցիկի սլովենիացի մարզիկ Պենիամին Շեշքոյի վրայ, որ հաւանաբար ստորագրէ այդ քանի մը օրը:

«Փրեմիեր լիկ»-ի լաւագոյն կոլ սքորըրներու թիւ 4-ը եւ թիւ 8-ն ձեռք ձգելով (Էմպուենօ եւ Քունիա) Եունայթըտ յստակօրէն կ՛ուզէ զօրացնել իր յառաջապահ գիծը, եւ 149.2 միլիոն եւրոն կրնայ արդիւնք ցոյց տալ դաշտի վրայ:

– Ա. Սէ. Միլան – 2023-2024 տարեշրջանին երկրորդ, 2024-2025 տարեշրջանին` 8-րդ:

Անցեալ տարուան տկար կէտը «Ֆինիշինկ»-ն էր, եւ Եունայթըտի նման Միլանի ակումբը շատ վատ ձեւով մեծ թիւով առիթներ կը կորսնցնէր, հակառակ անոր որ անոր դիրքը այդքան ալ վատ չէր դասաւորման մէջ: Քրիսթիան Փուլիշիչ, Եունուս Մուսա եւ Թամի Ապրահամ միայն 14 կոլեր նշանակեցին միասնաբար, ուր մանաւանդ Ապրահամ պատասխանատու էր մեծ թիւով ստոյգ առիթներ կորսնցնելու:

Միլանի ակումբը լքեցին միջնապահ Թիյանի Ռէյնտըրզ (Մանչեսթըր Սիթի), ձախ պաշտպան Թէօ Հեռնանտես (Հիլալ), կեդրոնի պաշտպան Փիեռ Քալուլու (Եուվենթուս), աջ պաշտպան Էմիրսոն Ռոյալ (Ֆլամենկօ) եւ յառաջապահ Թամի Ապրահամ (վարձավճարով):

Ա. Սէ. Միլանի նորեկներու կարգին են միջնապահ Լուքա Մոտրիչ (Ռէալ Մատրիտ), պաշտպանող միջնապահ Սամուելէ Ռիչչի (Թորինօ) եւ ձախ պաշտպան Փերվիս Էսթուփինիան (Պրայթընէն):

Համեմատաբար աւելի դանդաղ իտալական ֆութպոլի մէջ Մոտրիչ-Ռիչչի Էսթուփինեան եռեակը կրնան մեծ յառաջդիմութիւն բերել Ա. Սէ. Միլանին, որ կրնայ օգտուիլ անոնց փորձառութենէն եւ Ֆոֆանա-Ռաֆայէլ Լէաօ – Սանթիակօ Խիմենես եռեակը կրնան օգտուիլ նախ Փուլիշիչի արագութենէն` աւելի արդիւնաւէտ ֆութպոլ կիրարկելով նոր նշանակուած Մասիմիլանօ Ալլեկրիի հետ, որ իր կարգին «զուտ իտալական» ֆութպոլի մասնագէտ է:

(ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ)

Նախորդը

Թենիս. Խաչանով Յաղթեց Զվերեւին. Էմպոքօ Դուրս Ձգեց Ռիպաքինան

Յաջորդը

Եղիշէ Մելիքեան` Հայաստանի Ազգային Խումբի Մարզիչ

RelatedPosts

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին
Մարզական

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` 7 Սեպտեմբերին

Օգոստոս 19, 2025
Պասքեթպոլ.  Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան
Մարզական

Պասքեթպոլ. Աւստրալիա` Ասիոյ Ախոյեան

Օգոստոս 19, 2025
Լիկ 1.  Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ
Մարզական

Լիկ 1. Փարիզ Սեն Ժերմեն Յաղթանակով Սկսաւ

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?