Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, թէ Եղիշէ Մելիքեան գլխաւորած է Հայաստանի Ազգային խումբը` փոխարինելով նետերլանտցի Ճոն Վան՛թ Սխիփը:
Քանի մը օրէ ի վեր արդէն իսկ կը խօսուէր, թէ հայ-մարզիչ մը պէտք է գլխաւորէ Ազգային խումբը:
Աւելի կանուխ պաշտօնապէս յայտարարուած էր, թէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնն ու մարզիչ Վան՛թ Սխիփ որոշած էին փոխադարձ համաձայնութեամբ դադրեցնել համագործակցութիւնը:
«Ես յոյս ունէի շարունակել համագործակցութիւնը Հայաստանի Ազգային խումբին հետ, բայց ես կը յարգեմ ֆետերասիոնի այլ ուղղութեամբ երթալու որոշումը: Ես հպարտ եմ կարճ ժամանակամիջոցի մը մէջ մեր կատարած աշխատանքով եւ կը ցանկամ շնորհակալութիւն յայտնել ֆութպոլիստներուն, աշխատակազմին եւ ֆետերասիոնի բոլոր աշխատակիցներուն վստահութեան եւ համագործակցութեան համար: Խումբին կը մաղթեմ միայն յաջողութիւններ», ըսաւ Վան՛թ Սխիփ:
Փիւնիկի մարզիչ Մելիքեան իր կարգին ըսաւ. «Հպարտ եմ Հայաստանի Ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչի պաշտօնը ստանձնելու առիթով: Կը գիտակցիմ այս պահու բարդութիւնն ու պատասխանատուութիւնը, բայց պատրաստ եմ պատուով անցնիլ այս ճանապարհը: Իմ բոլոր որոշումներս պիտի կայացնեմ ի շահ ազգային խումբին եւ հայկական ֆութպոլին: Այս պահուն ժամանակն է համատեղելու ուժերը: Ես կոչ կ՛ուղղեմ ֆութպոլի ամբողջ հանրութեան համախմբուելու Ազգային խումբին շուրջ»:
Հայաստանի Ազգային խումբի երկար տարիներու պաշտպան եւ խմբապետ Վարազդատ Հարոյեան աւարտեց իր ասպարէզը Ազգային խումբին հետ:
«Զգացի, որ արդէն ժամանակն է: Ես Ազգային խումբին հետ 92 մրցումներ կատարած եմ, իսկ հաւաքականը ինծի շատ բան տուած է: Ես ալ իմ 15 տարիներս նուիրած եմ Ազգային խումբին: Միշտ խաղցած եմ նուիրումով եւ միշտ ալ պատրաստ եմ ներկայացնելու: Մեր նոր նշանակած մարզիչէն յետոյ հասկցայ որ լքելու ժամանակն է: Քանի որ փորձած եմ այդ մարդուն հետ աշխատիլ, բայց կարելի չէ: Մենք տարբեր աշխարհներու մարդիկ ենք», ըսաւ Հարոյեան, որ 2011-էն ի վեր մաս կը կազմէր Ազգային խումբին: