Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ (Ա. Մաս) 2025-2026 Եղանակը Կը Մօտենայ

Օգոստոս 7, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆութպոլը իրականութեան մէջ դադար չ՛առներ: Աղջկանց Եուրոն շաբաթ մը առաջ աւարտեցաւ, Ակումբներու մոնտիալը մօտ 3 շաբաթ առաջ աւարտեցաւ, մինչ Եւրոպական բաժակներու զտումի մրցումները արդէն իսկ սկսած են, մինչ «Փրեմիեր լիկ»-ը կը սկսի 10 օրէն, անոր կը յաջորդեն Եւրոպայի լաւագոյն ախոյեանութիւնները:

Փոխանցումներու շուկայի պատուհանը իր կարգին կը փակուի մի քանի մը շաբաթ ետք, եւ եղանակի սկիզբը կը յստականան ակումբներուն ամբողջական կազմերը: Արդէն իսկ փոխանցումներուն մեծ մասը կատարուած է, եւ արդէն իսկ գիտենք, թէ ո՛ր ակումբները պիտի փորձեն անցեալ տարուան տկար կէտերուն կամ ձախողութիւններուն վրայ աշխատիլ:

Պիտի կեդրոնանանք 10 ակումբներու վրայ որոնք 2023-2024 տարեշրջանի յաջողութենէն ետք, բաւական ձախող տարեշրջան մը բոլորեցին 2024-2025 տարեշրջանին:

Մանչեսթըր Սիթի – 2023-2024 տարեշրջանի ախոյեան, 2024-2025 տարեշրջանին երրորդ դիրքը գրաւեց: Անցեալ եղանակին Մանչեսթըր Սիթիի հետ ոչ մէկ բան յաջողեցաւ: Պաշտպանողականը հիմնական տկար կէտն էր, մինչ անշարժ հարուածներով (փենալթի թէ ազատ հարուած) նոյնիսկ խումբը նահանջ արձանագրած է 17-էն` 7-ի:

Սիթի, որ միշտ ալ ամէնէն քիչ թիւով առիթներ կու տար իր մրցակիցներուն, մեծ թիւով հարուածներ ստացաւ, մինչեւ իսկ Մանչեսթըր Եունայթըտէն աւելի:

Ակումբէն հեռացան պելճիքացի Քեւըն Տը Պրույնէ (Նափոլի) եւ աջ ծայրի պաշտպան Քայլ Ուոքըր (Պըրնլի):

Նորեկներու շարքին են միջնապահ Թիյանի Ռէյնտըրզ (Ա. Սէ.Միլանէն), աջ պաշտպան Ռայան Այթ-Նուրի (Վուլվզէն), յարձակող միջնապահ Ռայան Շերքի (Լիոնէն), բերդապահ Ճէյմս Թրաֆորտ (Պըրնլիէն) եւ միջնապահ Ցվերէ Նիփան (Ռոզենպորկէն):

Ռէալ Մատրիտ – 2023-2024 տարեշրջանի ախոյեան, 2024-2025 տարեշրջանին երկրորդ: Անցեալ տարուան Ռէալ Մատրիտի տկար կէտը պաշտպանողականն էր (Սիթիի նման): «Չեմփիընզ լիկ»-ը շահելէ ետք, Քիլիան Էմպափէն ձեռք ձգելով յարձակողական ուժը այդքան ալ չփոխուեցաւ, Վենիսիուսի, Ճուտ Պելինկհամի եւ Ռոտրիկոյի ներկայութեան: «Լա Լիկա»-ի մրցումներուն Ռէալ Մատրիտ 9 կոլ աւելի նուազ նշանակեց, եւ պաշտպանողական գիծին վրայ ալ բան չփոխեց:

Աջ պաշտպան Տանի Քարվախալ հոկտեմբերին ծունկի ետեւի կապերը վիրաւորեց, ապա Էտեր Միլիթաօ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով վիրաւորուեցաւ: Տաւիտ Ալապա (33 տարեկան) միայն 316 վայրկեան կրցաւ խաղալ, Ֆերլան Մենտի միայն 1006 վայրկեան խաղցաւ, Անթոնիօ Ռուտիկըր 9 մրցումներէ բացակայեցաւ, մինչ Լուքաս Վասքէս (34 տարեկան) ստիպուեցաւ խաղալ 2.100 վայրկեան: Յառաջապահ գիծը բնաւ չէր օգներ պաշտպանողականին, որ իր վրայ դրուած յոյսերը չկրցաւ իրականացնել: Ռէալ Մատրիտ 12 կոլ աւելի ստացաւ, քան նախանցեալ տարեշրջանը, եւ դուրս մնաց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի քառորդ աւարտականէն` պարտուելով Արսենալէն (3-0 եւ 2-1): Աւելի՛ն,  Ռէալ Մատրիտ 4-0 արդիւնքով դուրս մնաց Ակումբներու Մոնտիալի կիսաւարտականէն` Փարիզ Սեն Ժերմէնի դէմ մրցումին:

Ակումբէն հեռացան Լուքա Մոտրիչ (Ա. Սէ. Միլան) եւ աջ պաշտպան Լուքաս Վասքես (լքեց ֆութպոլը):

Ակումբին նորեկներն են աջ պաշտպան Թրենթ Ալեքսանտր-Առնոլտ (Լիվըրփուլէն), կեդրոնի պաշտպան Տին Հոյսըն (Պորնմաութէն), ձախ պաշտպան Ալվարօ Քարերաս (Պենֆիքայէն) եւ աջ ծայրի յառաջապահ Ֆրանքօ Մասթիանթունօ (Ռիվըր Փլէյթէն):

Նոր մարզիչ Չապի Ալոնսոյի հետ ելոյթ ունեցան նաեւ Հոյսըն եւ Թրենթ Ակումբներու մոնտիալին, ուր երիտասարդ Կոնսալօ Կարսիա փայլեցաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ: Թէ ի՛նչ ձեւով Ալոնսօ պիտի ղեկավարէ «նոր» Ռէալ Մատրիտը, կը տեսնենք յառաջիկայ եղանակին:

Պայեր Լեւերքուզըն – 2023-2024 տարեշրջանի ախոյեան, 2024-2025 տարեշրջան` 2-րդ: Տարի մը առաջ մրցանիշներով ախոյեան դառնալէ ետք, Պայեր Լեւերքուզըն կարծէք «գինովցած» տարեշրջան մը բոլորեց: Շատ աւեի քիչ կոլ նշանակելով եւ շատ աւելի կոլ ստանալով: Վերջին վայրկեաններուն կոլ նշանակելու «Կախարդութիւն»-ն ալ վերջ գտած էր: Որեւէ մրցակից կրնար զիրենք նեղի մատնել,

երբ տակաւին տարի մը առաջ ամէն մրցակիցի նեղութիւն կը պատճառէին:

Այս տարի վստահաբար Պայեր Լեւերքուզընի խաղաոճն ալ պիտի փոխուի, մանաւանդ որ վերջին 3 տարիներու մարզիչ Չապի Ալոնսօ միացած է Ռէալ Մատրիտի:

Ակումբը լքեցին Ֆլորիան Վիրց (Լիվըրփուլ),  աջ պաշտպան Ժերեմի Ֆրիմփոնկ (Լիվըրփուլ) կեդրոնի պաշտպան Եունաթան Թահ (Պայէրն Միւնիխ) եւ միջնապահ Կրանիթ Չաքս (Սանտըրլենտ):

Ակումբին նորեկներն են Մալիք Թիլման (ՓՍՎ Այնտհովընէն), բերդապահ Մարք Ֆլեքքեն (Պրենթֆորտէն), կեդրոնի պաշտպան Ճարել Քուանսահ (Լիվըրփուլէն), միջնապահ Իպրահիմ Մազա (Հերթա Պերլինէն) եւ աջ ծայրի յառաջապահ Ֆարիտ Ալֆա – Ռուփրեխթ (Մանչեսթըր Սիթիէն):

Վստահաբար յարմար չէ բաղդատել ակումբը լքողներն եւ նորեկները, որոնք մեծ մասամբ երիտասարդ անծանօթ դէմքեր են, մինչ Վերց-Ֆրիմփոնկ զոյգը միասնաբար 35 կոլ եւ 35 էսիսթ կատարեցին վերջին 2 տարիներուն, իսկ Թահ Գերմանիոյ ազգային խումբի հիմնական պաշտպաններէն է, առանց մոռնալու Չաքան, որ իր ղեկավարի կարողութեամբ 2023-2024 տարեշրջանի լաւագոյն մարզիկներէն էր:

Տաղանդաւոր է Լեւերքուզընի խմբակը եւ նոր մարզիչով վստահաբար նոր ժամանակաշրջանի խումբ պիտի պատրաստէ:

(Շարունակելի)

Նախորդը

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Ոսկի Մետալակիր

Յաջորդը

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Ռուբէն Վարդանեանի Դատավարութիւնը

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սաժես Շահեցաւ «Չելենճ Քափ» Տիտղոսը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Բռնցքամարտ.   Կարէն Չուխաջեան Յաղթական
Մարզական

Բռնցքամարտ. Կարէն Չուխաջեան Յաղթական

Հոկտեմբեր 14, 2025
Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան
Մարզական

Նիքիթա Սիմոնեան` 99 Տարեկան

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?