Անցեալ շաբաթավերջին Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հովանաւորութեամբ սկսաւ երիտասարդներու (18 տարեկանէն վար) ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ-ի երիտասարդները, որոնք անցեալ շաբաթ մասնակցած էին համա-ՀՄԸՄ-ական 12-րդ խաղերուն եւ գրաւած 2-րդ դիրքը, իրենց առաջին մրցումը կատարեցին Լիբանան հասնելէն մէկ օր ետք, եւ հակառակ մեծ թիւով բացականերու, կրցան յաղթանակով սկսիլ ախոյեանութիւնը:
Առաջին մրցակիցը ՀՄՄ-ն էր եւ ՀՄԸՄ կրցաւ պայքարի լաւ ոգի ցուցաբերել եւ 2-0 արդիւնքով յաղթել:
ՀՄԸՄ, որ համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերուն 4 մրցումներու ընթացքին 16 կոլեր նշանակած էր, իր խումբին մէջ ունի բացառիկ տարրեր, որոնց կարգին` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղերու լաւագոյն կոլ-սքորըր Վահագն Զարմէնեան:
Յուսանք, որ մեր երիտասարդները նոյն թափով կը շարունակեն Լեռնալիբանանի ախոյեանութիւնը` ձեռք ձգելով դրական արդիւնքները: