Ամերիկեան «Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի մարզական աշխարհի ներդրումներով, որոշած է «գնել» Սպանիոյ Խեթաֆէ ֆութպոլի ակումբը:
Լիվըրփուլի սեփականատէր «Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ» կը կարծէ, որ Խեթաֆէի «Լա լիկա»-ի կայուն մասնակցութիւնը կը համպատասխանԷ բազմակումբային օրինակի զարգացման ռազմավարութեան:
Խեթաֆէի գործադիր տնօրէն Անխել Թորես համաձայնած է ակումբը վաճառել 100 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն, եւ բանակցութիւնները արդէն իսկ սկսած են:
Նշենք, որ «Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ» արդէն իսկ սեփականատէրն է պէյսպոլի Պոսթըն Ռետ Սոքս եւ Հոքիի Փիթցպուրկ Փենկուենզ խումբերուն, ինչպէս նաեւ «Փրեմիեր լիկ»-ի ախոյեան Լիվըրփուլի:
Անցեալ մայիսին Լիվըրփուլ ապահովելէ ետք «Փրեմիեր լիկ»-ի տիտղոսը խումբին մարզական տնօրէն Մայքըլ Էտուըրտծը ղրկած էր Պոսթըն` տեսակցելու համար միլիառատէր Ճոն Հենրիի հետ («Ֆենուէյ Սփորթց Կրուփ»-ի նախագահ), որ 350 միլիոն եւրօ տրամադրած էր խումբը աւելի եւս զօրացնելու: