Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանը կը շարունակուի այս կիրակի, երբ յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին Սաֆայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ իր 3-րդ մրցումը` Լիուա Սայտայի դէմ:
Առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք (Սանհարիպի) ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ անյաջող ելոյթ մը ունեցաւ անցեալ շաբաթ Շեքքայի դէմ եւ 2-1 արդիւնքով պարտուեցաւ:
Այս կիրակի առիթ է ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոց փաստելու, թէ այդ մրցումը պատահական բան մըն էր, եւ ոչ մէկ բան պիտի փոխէ Գ. դասակարգ բարձրանալու նպատակին մէջ:
Համակիրները իրենց ետին, ՀՄԸՄ-ի տղաքը դաշտ պիտի ներկայանան մէկ նպատակով` յաղթանակ արձանագրել:
Տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք Ֆանարէն, Ռաուտայէն եւ Պուրճ Համուտէն յետմիջօրէի ժամը 14:15-էն սկսեալ համակիրները պիտի փոխադրեն դէպի Սաֆայի դաշտ: