Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը իր աշխուժ տարեշրջանը կը շարունակէ, եւ կիրակի օր կազմակերպած էր հաշմանդամներու մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Տըպպայէի շրջանի ծովեզերեայ մայրուղիին վրայ, Անթիլիասի «Կոլտըն Պիչ»-էն մինչեւ Տըպպայէի ներքին ապահովութեան ուժերու կեդրոն:
Առաւօտեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցան Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները, որոնք կը բաղկանային 4 հանգրուաններէ, մասնակցութեամբ աւելի քան 10 մարզիկներու:
Առաջին դիրքը գրաւեց Ահմետ Ղուլ, որ արձանագրեց 45 վայրկեան եւ 31 երկվայրկեան, մինչ Ահմետ Շեպլի (2-րդ) եւ Մահմուտ Աուատ ամբողջացուցին առաջին եռեակը:
Մրցումի աւարտին բաժակները յանձնուեցան յաղթական մարզիկներուն, ինչպէս նաեւ խօսք առաւ ֆետերասիոնի նախագահ Հրայր Սաթոյեան` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մասնակցեցան այս մրցումը յաջողցնելու, մասնաւորաբար Լիբանանեան բանակը, ներքին ապահովութեան ուժերը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Կարմիր խաչը, Պէյրութի մարաթոնի միութիւնը եւ բոլոր կամաւորները:
Ստորեւ` մրցումին թեքնիք արդիւնքները.
1.- Ահմետ Ղուլ 45′ 31″
2.- Ահմետ Շեպլի 51′ 10″
3.- Մահմուտ Աուատ 52′ 12″
4.- Ժամալ Սուսի 52′ 38″
5.- Պիլալ Սուտա 1 ժամ 5′ 48″