Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբը չորեքշաբթի գիշեր սկսաւ Ասիոյ բաժակի ախոյեանութեան իր մրցումները, եւ առաջին ճակատումին կրցաւ յաղթել Քաթարին` 84-80 արդիւնքով:
Մրցումը ընդհանրապէս ի նպաստ Լիբանանի էր, սակայն մրցակից Քաթար, որ մեծ մասամբ օտար մարզիկներէ բաղկացած էր, միշտ ալ կը մօտենար, մանաւանդ վերջին մասին:
Պրենտըն Կուտուին 33 կէտ նշանակեց եւ Քաթարի լաւագոյն մարզիկն էր: Լիբանանի ազգային խումբը 10 մարզիկներ գրեթէ հաւասար ձեւով օգտագործեց, եւ բոլորն ալ մէկ մարդու պէս խմբային խաղ խաղցան:
Շատեր հաւանաբար դժգոհ էին այն պատճառով, թէ ո՛վ հիմնական կազմի մարզիկ է կամ ոչ, բայց հիմնականը յաղթանակն էր:
Քարիմ Զէյնուն, Տետրիք Լուըն եւ Հայկ Կէօքճեան 21-էն 29 վայրկեան խաղցան եւ բարձր մակարդակի ելոյթ ունեցան:
Լոսըն եւ Ալի Մանսուր 12-ական կէտեր նշանակեցին, մինչ Ալի Հայտար (11 կէտ), Հայկ Կէօքճեան (11 կէտ), Զէյնուն (10 կէտ), Սերժիօ Տարուիշ (8 կէտ), Եուսէֆ Խայյաթ (8 կէտ), Ամիր Սէուտ (6 կէտ), Օմար Ժամալէտտին (4 կէտ) եւ Ալի Մըզհեր (2 կէտ) եղան Լիբանանի կէտեր նշանակող մարզիկները:
Միայն Ժերար Հատիտեան եւ Ուաէլ Արաքճի (հաւանաբար Քորէայի դէմ մասնակցի) չմասնակցեցան այս մրցումին):
Այսօր ժամը 18:00-ին Լիբանան իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ Աւստրալիոյ դէմ, վերջին Ասիոյ բաժակի մրցաշարքը աւարտականի հասած մրցումին: 2022-ին, Աւստրալիա 75-73 արդիւնքով մեծ դժուարութեամբ յաղթած էր Լիբանանին` անմոռանալի աւարտականի մը ընթացքին:
Ստորեւ` Ասիոյ բաժակի արձանագրած արդիւնքները.-
Նոր Զելանտա – Իրաք 100-78
Յորդանան – Հնդկաստան 91-84
Չինաստան – Սէուտական Արաբիա 93-88
Թայփէ – Ֆիլիփեան կղզիներ 95-87
Աւստրալիա – Հարաւային Քորէա 97-61
Ճափոն – Սուրիա 99-68
Կուամ – Իրան 52-77
Քաթար – Լիբանան 80-84