25 անգամ կրան շլեմի մրցաշարքերու ախոյեան (մրցանիշ) սերպ Նովաք Ճոքովիչ քաշուեցաւ Մասթըրզ 1000 մրցաշարքի խմբակին մաս կազմող Սինսինաթիի բաց մրցաշարքէն:
Ասիկա կը նշանակէ, թէ Ճոքովիչ տարուան վերջին կրան շլեմին` «Եու. Էս. Օփըն»-ին պիտի մեկնի առանց որեւէ մրցում կատարելու Ուիմպըլտընէն ի վեր:
Սերպ թենիմսենը ծանր պարտութիւն կրած էր թիւ 1 Եանիք Սինըրէն Ուիմպըլտընի կիսաւարտականին, ուր վիրաւորուած էր, բան մը, որ զինք ստիպած էր քաշուիլ նաեւ այժմ տեղի ունեցող Թորոնթոյի մրցաշարքէն:
Ճոքովիչ «Հարտ Քորթ»-ի (կարծր մակերեսով դաշտ) վրայ վերջին անգամ ելոյթ ունեցած է անցեալ մարտին, Մայեմիի բաց մրցաշարքին:
Երեք անգամ Սինսինաթիի ախոյեան Ճոքովիչ վերջին անգամ 2023-ին մասնակցած էր Սինսինաթիի բաց մրցաշարքին, ուր շահած էր անմոռանալի աւարտականի մրցումէ մը ետք, ուր 5-7, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթած էր սպանացի Քարլոս Ալքարասին:
Այսպիսով, Ճոքովիչ յայտագիրի վրայ իր առաջին ելոյթը պիտի ունենայ վերանորոգուած «Եու. Էս. Օփըն»-ի խառն զոյգերու մրցումներուն` մասնակցելով սերպ Օլկա Տանիլովիչի հետ, հրաւէրով:
Սինսինաթիի մրցաշարքը կը սկսի վաղը, մինչ «Եու. Էս. Օփըն»-ը կը սկսի 24 օգոտոսին: