Մարզական

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Կրեց Իր 9-րդ Պարտութիւնը

Այսօր` Մէյրուպա - Սաժես Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ Մէյրուպա կը հիւրընկալէ Սաժեսը: Երկու կազմերն ալ արձանագրած են երեքական յաղթանակ եւ կրած վեցական պարտութիւն: Մէյրուպա կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, իսկ Սաժես` 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը: Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Հուփս, որ Միշել Մըրի անուան...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռայա

Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ռայա խումբին դէմ, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ: Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Վաղը` Ըտտէ Պաթրուն – ՀՄԸՄ Պէյրութ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 22 յունուարին, ՀՄԸՄ Պէյրութ կը մրցի Ըտտէ Պաթրունի դէմ: Բ. խմբակի այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ալի Մըզհեր Պիտի Փոխարինէ Վիրաւոր Ռոտրիկ Աքըլը

Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Պիպլոս - Մութթահետ մրցումին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ժիպէյլեան խումբի մարզիկ Ռոտրիկ Աքըլ վիրաւորեց իր ուսը: Բժշկական քննութիւնները երէկ ցոյց տուին, որ ան երեք շաբաթով պիտի բացակայի պասքեթպոլի դաշտերէն: Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նոր նշանակուած մարզիչ Ճօ Մուժահես, որ իր կազմին մէջ առած էր Աքըլը, այժմ անոր փոխարէն իր...

Օլիվըր Ֆայսալ` «Օ. Թի. Վի.» Պատկերասփիւռի Կայանի «Ռիփլէյ» Յայտագիրին Հիւրը

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ կիրակի, 22 յունուարին, գիշերուան ժամը 22:30-ին, հիւրը պիտի ըլլայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն «ռիփլէյ» մարզական յայտագիրին: Ֆայսալ պիտի անդրադառնայ թենիսի մարզին մէջ ֆետերասիոնին տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այս տարեշրջանին տեղի ունենալիք կարեւոր մրցաշարքերուն: Նշենք, որ յայտագիրը կը վարէ մարզական լրագրող Էլի Նասսար:

Էմիլ Ժապպուր Մեկնեցաւ Պահրէյն

Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի տնօրէն եւ Արաբական վոլիպոլի ֆետերասիոնի անդամ Էմիլ Ժապպուր երէկ մեկնեցաւ Մանամա (Պահրէյն)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական ակումբներու 35-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20-28 փետրուարին, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 11 երկիրներէ 20 խումբեր, որոնք պիտի բաժնուին չորս խմբակի: Այս ախոյեանութեան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Շեպիպեթ Թաննուրին ակումբը:

Թենիս. Թոմաս Պերտիչ Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն

Աւստրալիոյ կրան շլեմի թենիսի միջազգային բաց մրցաշարքի Գ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ 10-րդ դասուած չեխ Թոմաս Պերտիչ դուրս մնաց մրցաշարքէն, երբ 6-2, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտուեցաւ 17-րդ դասուած զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերերէն: Ստորեւ կու տանք երէկ տեղի ունեցած Գ. հանգրուանի կարգ մը կարեւորագոյն մրցումներուն արդիւնքները. ՏՂԱՔ Տանիել Իվընզ (Անգլիա) - Պեռնար Թոմիչ (Աւստրալիա, 27-րդ) 7-5, 7-6 եւ 7-6 Սթանիսլաւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 9-րդ Յաղթանակը` 86-83 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Լուէյզին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Արձանագրեց Իր 9-րդ Յաղթանակը` 86-83 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Լուէյզին

«Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը արձանագրեց տարեշրջանի իր 9-րդ յաղթանակը եւ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 86-83 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լուէյզին (20-14, 48-36, 69-62 եւ 86-83): Մրցումին տեւողութեան ՀՄԸՄ թէեւ ունեցաւ 14 կէտի առաւելութիւն մը (46-32), սակայն այդ տարբերութիւնը հետզհետէ նուազեցաւ, եւ առիթով մը Լուէյզի ինք ունեցաւ 5...

Ֆութսալ. Սարգիս Էսքիճեան Միացաւ Հայաստանի Ազգային Խումբին

Պատրաստուելու համար Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին բերդապահ Սարգիս Էսքիճեան մեկնեցաւ Հայաստան, ուր միացաւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբին: Հայրենի կազմը 18-22 յունուարին պիտի ունենայ ուսումնամարզական հաւաք մը: Էսքիճեան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու Հայաստանի կազմին հետ, որպէսզի խումբը յաջողի ապահովել Բ. հանգրուանի իր տոմսը: Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին մէջ են Գերմանիա,...

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք.  Ուզպեք Իսթոմին Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Տիտղոսակիր Եւ 2-րդ Դասուած Ճոքովիչը

Թենիս. Աւստրալիոյ Բաց Մրցաշարք. Ուզպեք Իսթոմին Մրցաշարքէն Դուրս Ձգեց Տիտղոսակիր Եւ 2-րդ Դասուած Ճոքովիչը

Տենիս Իսթոմին Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին չորրորդ օրը` երէկ, ուզպեք Տենիս Իսթոմին ստեղծեց մրցաշարքին մեծագոյն անակնկալը, երբ դուրս ձգեց տիտղոսակիր եւ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչը` Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ: Աշխարհի ընդհանուր դասաւորման մէջ 117-րդ դիրքը գրաւող 30 տարեկան Իսթոմին արձանագրեց 7-6, 5-7, 2-6, 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթանակ մը` շուրջ 5 ժամ...

Ֆութսալ.  Այսօր` Պէյրութի Դրամատուն –  Լիբանանեան Բանակ Աւարտական Մրցումը

Ֆութսալ. Լիբանանի 20 Տարեկանէն Վար Ազգային Խումբը Կը Շարունակէ Պատրաստուիլ

24 եւ 27 յունուարին Լիբանանի 20 տարեկանէն վար ֆութսալի ազգային խումբը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Իրաքի դէմ, առաջինը` Պէյրութի մէջ, իսկ երկրորդը` Մինայի մէջ (Թրիփոլի): Երկու կազմերուն համար ալ այս մրցումները կ՛իյնան մայիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ: Այս ախոյեանութեան մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի փոխանցէ Ասիոյ ֆութսալի ֆետերասիոնը: Այժմ Լիբանանի մարզիչ Հիւսէյն Տիպ իր փորձերը կը կատարէ...

«Բոլորը Կը Սիրեն Մխիթարեանը, Եւ Մենք Շատ Ուրախ Ենք, Որ Ան Կը Խաղայ Մանչեսթըրի Հետ» Կ՛ըսէ Մանչեսթըրի Հայկական Ճաշարանին Սեփականատէրը

Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ 1968 թուականէն ի վեր գործող հայկական ճաշարանը` «Արմինիըն Թավերնա», վերջին շրջանին դարձաւ անգլիական մամուլին ուշադրութեան առանցքը` շնորհիւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին: Հայրենի ֆութպոլիստը իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշեց, որ Գերմանիայէն Մանչեսթըր տեղափոխուելէ ետք շատ յաճախ կ՛այցելէ այս ճաշարանը: «Հենրիխը շատ յաճախ կ՛այցելէ մեզի, շաբաթը քանի մը անգամ: Երբեք չես...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Էներժի Բարձրացաւ Բ. Դասակարգ

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Էներժի բարձրացաւ Բ. դասակարգ: Անիկա իր կատարած վերջին մրցումին 59-39 արդիւնքով յաղթեց «Եու. Էս. Ժի.»-ին: Էներժի իր կազմին մէջ ունի բաւական խոստմնալից մարզիկներ:

«Որոշեցի Վերջ Տալ Մարզական Արհեստավարժ Ասպարէզիս» Կ՛ըսէ Ամոյեան

Պէյճինկ-2008-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի փոխախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, քառակի փոխախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Ռոման Ամոյեան News.am-Sport կայքի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ տալու իր մարզական արհեստավարժ ասպարէզին: «Շրջան ընող տարաձայնութիւնները կը համապատասխանեն իրականութեան, որովհետեւ որոշեցի վերջ մը դնել ասպարէզիս: Շուտով պիտի տամ մամլոյ ասուլիս մը եւ պիտի...

Աշխարհի Ամէնէն Տարիքոտ Ֆութպոլիստը 1 Տարիով Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Եոքոհամայի յառաջապահ Քացույոսի Միուրա, հակառակ 49 տարեկան ըլլալուն, իր կազմին հետ ստորագրեց նոր պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2018, կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի. Սփորթ»: Յառաջապահ Միուրա, որ 26 փետրուարին կը դառնայ 50 տարեկան, ներկայիս ելոյթ կ՛ունենայ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Ան իր 32-րդ տարեշրջանը պիտի ամբողջացնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ: Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին սկսաւ 1986-ին` Սանթոսի...

Ճատրակ. Հայաստանի Ախոյեանութիւն. 4 Կրանտմասթըրներ Կը Բաժնեն Առաջին Դիրքը

Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ չորս կրանտմասթըրներ կը բաժնեն առաջին դիրքը: Տիգրան Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Արման Փաշիկեան եւ Զաւէն Անդրէասեան այժմ ապահոված են 4-ական կէտ: 3,5-ական կէտ ունին Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Կարէն Գրիգորեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը բաղկացած է 9 հանգրուանէ: Ախոյեան հանդիսացողը իրաւունք կ՛ունենայ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին մաս կազմելու:  

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Լուէյզի

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյանութեան դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` հինգշաբթի, 19 յունուար 2017-ին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ կը կատարէ 10-րդ եւ դարձի Ա. հանգրուանի մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Լուէյզին: Ինչպէս ծանօթ է, ՀՄԸՄ երթի իր առաջին մրցումը կատարեց Լուէյզիի դէմ եւ յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը: Կ՛ակնկալուի, որ այսօր եւս ՀՄԸՄ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ներքին Ապահովութեան Ուժեր` 3-4

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 16-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Սատի դաշտին վրայ ճակատեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբին դէմ, կրեց իր 6-րդ պարտութիւնը` 4-3 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Աւօ Տօնպուրեան (2 կոլ) եւ Վաչէ Ղուկասեան: Երկու կազմերն ալ բաւական լաւ մրցում մը կատարեցին, սակայն ՀՄԸՄ չկրցաւ տանիլ վերջնական յաղթանակը:

Պասքեթպոլ.  2017-ի Ասիոյ Ախոյեանութիւնը` Լիբանանի Մէջ

Պասքեթպոլ. 2017-ի Ասիոյ Ախոյեանութիւնը` Լիբանանի Մէջ

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լիբանան ՖԻՊԱ-էն ստացաւ պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Լիբանան օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ 2017-ի պասքեթպոլի Ասիոյ տղոց ախոյեանութիւնը: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16 երկիրներու ազգային խումբերը, որոնց կարգին` Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա: Նշուեցաւ նաեւ, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը համաձայն գտնուեցաւ Լիբանանի դէմ սահմանուած միջազգային պատիժը մեղմացնելու, որպէսզի առիթ...

Page 1020 of 1277 1 … 1,019 1,020 1,021 … 1,277

Արխիւներ