Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալ կիրակի, 22 յունուարին, գիշերուան ժամը 22:30-ին, հիւրը պիտի ըլլայ «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն ուղղակիօրէն «ռիփլէյ» մարզական յայտագիրին:
Ֆայսալ պիտի անդրադառնայ թենիսի մարզին մէջ ֆետերասիոնին տարած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ այս տարեշրջանին տեղի ունենալիք կարեւոր մրցաշարքերուն:
Նշենք, որ յայտագիրը կը վարէ մարզական լրագրող Էլի Նասսար: