Եոքոհամայի յառաջապահ Քացույոսի Միուրա, հակառակ 49 տարեկան ըլլալուն, իր կազմին հետ ստորագրեց նոր պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ 2018, կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի. Սփորթ»:
Յառաջապահ Միուրա, որ 26 փետրուարին կը դառնայ 50 տարեկան, ներկայիս ելոյթ կ՛ունենայ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան մէջ: Ան իր 32-րդ տարեշրջանը պիտի ամբողջացնէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին մէջ:
Ան ֆութպոլիստի իր ասպարէզին սկսաւ 1986-ին` Սանթոսի հետ (Պրազիլ):
Եւրոպայի մէջ ան մաս կազմեց Ճենովայի եւ Տինամօ Զաղրեպի: Ան 2005-ին միացաւ Եոքոհամայի, երբ 38 տարեկան էր:
Ճափոնի ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան 89 մրցումի ընթացքին նշանակեց 55 կոլ: