Այսօր` Մէյրուպա – Սաժես
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, երբ Ֆուատ Շեհապի անուան մարզադաշտին վրայ Մէյրուպա կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Երկու կազմերն ալ արձանագրած են երեքական յաղթանակ եւ կրած վեցական պարտութիւն: Մէյրուպա կը գրաւէ 8-րդ դիրքը, իսկ Սաժես` 9-րդ եւ նախավերջին դիրքը:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Հուփս, որ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ հիւրընկալեց Թատամոնը, կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը` 80-70 արդիւնքով:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը (32) նշանակեց Թատամոնի մարզիկներէն Մորիս Քեմփ: