Նախանցեալ օր տեղի ունեցած Պիպլոս – Մութթահետ մրցումին, որ կ՛իյնայ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ժիպէյլեան խումբի մարզիկ Ռոտրիկ Աքըլ վիրաւորեց իր ուսը:
Բժշկական քննութիւնները երէկ ցոյց տուին, որ ան երեք շաբաթով պիտի բացակայի պասքեթպոլի դաշտերէն:
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի նոր նշանակուած մարզիչ Ճօ Մուժահես, որ իր կազմին մէջ առած էր Աքըլը, այժմ անոր փոխարէն իր կազմին միացուց Հուփսին մաս կազմող Ալի Մըզհերը:
Լիբանան յաջորդ շաբաթասկիզբէն սկսեալ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան: