Մարզական

Ասիոյ Բաժակի 2019-ի Մրցաշարք. Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբը Մաս Կազմեց Բ. Խմբակին

Երէկ յետմիջօրէին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ մրցաշարքի մասնակցող ազգային խումբերու մարզիչներուն, որոնց կարգին էր նաեւ Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ: Լիբանան, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հարաւային Քորէան, Հոնկ Քոնկը եւ Մալեզիան: Զտումի այս մրցումները պիտի սկսին 28 մարտին: Իր առաջին մրցումին, Լիբանան իր...

Հայաստանի Ֆութսալի Ազգային Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Զոհրապ Նիազեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Ռուբէն Նազարէթեանը: Նշենք, որ այժմ Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը նախապատրաստուի 26-29 յունուարին Լաթվիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 2018-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Էսթոնիան, Գերմանիան եւ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Լաթվիան: Խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւողը միայն կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան:

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարք.  Նատալ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Թենիս. Աւստրալիոյ Կրան Շլեմի Մրցաշարք. Նատալ Ապահովեց Քառորդ Աւարտականի Իր Տոմսը

Ռաֆայէլ Նատալ (աջին) եւ Կայել Մոնֆիս Աւստրալիոյ մէջ տեղի ունեցող թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց Դ. հանգրուանի չորսական ճակատումներ: Այս մրցաշարքի նախկին տիտղոսակիր, 30-ամեայ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (դասուած` 9-րդ), ապահովեց քառորդ աւարտականի իր տոմսը` 2 ժամ եւ 56 վայրկեան տեւած ճակատումէ մը ետք, յաղթելէ ետք 6-րդ դասուած ֆրանսացի Կայել Մոնֆիսի` 6-3,...

Հայաստան – Ուզպեքիստան Մրցումը Չեղեալ Նկատուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 12 փետրուարին տեղի ունենալիք Հայաստան - Ուզպեքիստան մրցումը, որ պիտի կատարուէր թրքական Անթալիա քաղաքին մէջ, ահաբեկչական վտանգի հետ կապ ունեցող ապահովական պատճառներով չեղեալ նկատուեցաւ:

Թենիս. Լիբանանի Համար Ոսկի Եւ Արծաթ Մետալ Ապահոված Մարիա Պրէյտի Վերադարձաւ Պանքոքէն

Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի, երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Մարիա Պրէյտին, որ Պանքոքի մէջ (Թայլանտ) տեղի ունեցած Ասիոյ ախոյեանութեան Բ. դասակարգի աղջկանց մրցումներուն (14 տարեկանէն վար) Լիբանանին ապահովեց ոսկի եւ արծաթ մետալ: Պրէյտի իր արծաթ մետալին տիրացաւ անհատական մրցումներուն, իսկ ոսկի մետալին` աղջկանց զոյգի մրցումներուն, յորդանանցի իր խմբակիցին` Ժանա Խաթիպի հետ: Մոն լա...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Կրեց Իր 32-րդ Պարտութիւնը

Էրիք Պլետսոյէ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, Տալաս Մավըրիքս բաւական ծանր պարտութեան մատնեց Լոս Անճելըս Լէյքըրզը` 122-73 արդիւնքով: Ասիկա եղաւ Լէյքըրզի այս տարեշրջանի 32-րդ պարտութիւնը: Թորոնթոյի մէջ, Ռեփթըրզ 115-103 արդիւնքով պարտուեցաւ Ֆէոնիքս Սանզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էրիք Պլետսոյէ նշանակեց 40 կէտ: Մինեսոթա Վուլվզ 111-108 արդիւնքով յաղթեց Տենվըր Նակեթցի, մինչ երէկուան չորրորդ եւ վերջին մրցումին...

Մարսելօ Եւ Մոտրիչ 3-Էն 4 Շաբաթով Բացակայ

«Լա լիկա»-ի 19-րդ հանգրուանի` Ռէալ Մատրիտ - Մալակա մրցումին (2-1), մատրիտեան կազմին ֆութպոլիստներէն երկուքը` Մարսելօ եւ Լուքա Մոտրիչ, վնասուածք ստացան: «Մարքա»-ի փոխանցումով, անոնք երկուքը 3-էն 4 շաբաթով պիտի բացակային ֆութպոլի դաշտերէն:

Թենիս. Ճոքովիչ Կը Մասնակցի «Տէյվիս Քափ»-ի Մրցաշարքին

Աւստրալիոյ թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքէն դուրս մնացած սերպ մարզիկ Նովաք Ճոքովիչ ըսաւ, որ իր երկրին հետ պիտի մասնակցի թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքի Ա. հանգրուանի մրցումներուն, որոնք տեղի պիտի ունենան 3-5 փետրուարին, երբ անոր կազմը հիւրընկալէ Ռուսիան: Սկզբունքով 29 տարեկան Ճոքովիչ մտադիր չէր «Տէյվիս Քափ»-ին մասնակցիլ: Սակայն նկատի ունենալով, որ ան դուրս մնաց Աւստրալիոյ մրցաշարքէն, ան որոշեց մասնակցիլ այդ մրցաշարքին:

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Շապապ Ղազիէ – ՀՄԸՄ` 3-2

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 21 յունուարին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը Քֆարժոզի դաշտին վրայ (հարաւ) հիւրը եղաւ Շապապ Ղազիէի: Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ 2-0 արդիւնքով ուշացած էր, բայց յաջողեցաւ նշանակել 2 կոլ եւ հաւասարեցնել արդիւնքը (2-2)` շնորհիւ Գէորգ Օհանեանի (84-րդ` փենալթիով) եւ Համլեթ Ասոյեանի (88-րդ) նշանակած կոլերուն: Սակայն մրցումին կորսուած վայրկեաններուն (93-րդ) դաշտին տէրը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Շեպիպէ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս` 37-69

Շեպիպէ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումէն Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 21 յունուարին, Սաժես Ժտէյտէի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շեպիպէ - ՀՄԸՄ Անթիլիաս մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի աղջիկներուն յաղթանակով` 69-37 արդիւնքով (18-7, 20-9, 17-10 եւ 14-11): ՀՄԸՄ-ի կէտերը նշանակեցին Ճիւըլ Թանսթալ (17), Այտա Պախոս (13), Մեղրի Թորոսեան (11), Ֆէյ Փրենս, Քաթերին Հաժ, Մակի Զաքարեան...

Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Ընտրութիւններ. Վաչէ Ծատուրեան Ընտրուեցաւ Նոր Նստաշրջանի Մը Համար

PROFOTO Շաբաթ, 21 յունուարին, «Փատովա» պանդոկին մէջ (Սին էլ Ֆիլ) տեղի ունեցան Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւնները: Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով, 14 թեկնածուները առանց ընտրութիւններու նոր նստաշրջանի մը` չորս տարուան համար ընտրուեցան Լիբանանի ողիմպիականի կոմիտէի անդամ: Նշենք, որ այդ 14 հոգիին մէջ էր նաեւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ եւ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Վաչէ Ծատուրեան: Ընտրութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ պաշտօններու բաժանում` հետեւեալ ձեւով....

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Մէյրուպա – Սաժես` 76-81

Թերել Սթոկլին` թիւ 12 PROFOTO Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 10-րդ եւ դարձի առաջին հանգրուանի մրցումները աւարտեցան շաբաթ, 21 յունուարին, երբ Ֆուատ Շեհապ մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Մէյրուպա - Սաժես մրցումը: Մրցումը աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով` 81-76 արդիւնքով (14-18, 33-42, 57-61 եւ 76-81): Մրցումին լաւագոյն կոլսքորըրը հանդիսացաւ Սաժեսի մարզիկ Թերել Սթոկլին, որ նշանակեց 30 կէտ: Անոր նորեկ խմբակից Մայք Էֆիպրա...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Ռայա – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` 3-3

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան (Լեռնալիբանանի նահանգ) 2-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 22 յունուարին, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցեցաւ Ռայայի դէմ: ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղը աւարտեց ի նպաստ իրեն` 2-1 արդիւնքով, շնորհիւ Միքել Սաատի (30-րդ) եւ Գրիգոր Ահարոնեանի (35-րդ) նշանակած կոլերուն: Մրցումին հաշիւը 26-րդ վայրկեանին փենալթիով բացաւ մրցակից կազմը: Բ. կիսախաղը հազիւ սկսած, 47-րդ...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պէյրութ – Էտտէ Պաթրուն` 8-0

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Էտտէ Պաթրուն` 8-0

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ) տեղի ունեցած ՀՄԸՄ Պէյրութ - Էտտէ Պաթրուն մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն յաղթանակով` 8-0 արդիւնքով: Սերժ Տօնապետեան նշանակեց 4 կոլ, մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Արեգ Թասլաքեան, Երուանդ Վարդգէս Մանասերեան, Պասել Ֆաքիհ եւ Ապպաս Սաատէ: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, ՀՄԸՄ ապահովեց...

Ռունիի Պատմական Կոլը Փրկեց Մանչեսթըր Եունայթըտը` Հենրիխ Մխիթարեանի Ծննդեան Օրը

Մանչեսթըր Եունայթըտ պարտութենէ մը փրկուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ծննդեան 28-րդ տարեդարձին օրը: Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի խումբին մրցակիցն էր Սթոք Սիթի, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին հետ: Դաշտին տիրոջ համակիրներուն տխրեցուց անգլիացի յառաջապահ Ուէյն Ռունի, որ ազատ հարուածով մը 94-րդ վայրկեանին նշանակելով իր կոլը, դարձաւ ակումբին...

Թենիս. Թիւ 1 Դասուած Մարզիկները Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

Էնտի Միւրէյ Թենիսի Աւստրալիոյ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին արձանագրուեցան երկու մեծ անակնկալներ, որոնց ընթացքին տղոց եւ աղջկանց թիւ 1 դասուած մարզիկները դուրս մնացին մրցաշարքէն: Գերմանացի տիտղոսակիր Անճելիք Քերպըր պարտութիւն կրեց ամերիկացի Քոքօ Վանտեվենկէէն: Ինչ կը վերաբերի անգլիացի Էնտի Միւրէյին, ան պարտուեցաւ աշխարհի 50-րդ դիրքը գրաւող գերմանացի Միսշա Զվերեւէն:

«Լա Լիկա». Ռէալ Մատրիտ Եւ Պարսելոնա` Յաղթական

  Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Լա լիկա»-ի 19-րդ եւ երթի վերջին հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտ եւ Պարսելոնա յաղթանակներ արձանագրեցին: Մրցում մը նուազ կատարած Ռէալ Մատրիտ, Սերճիօ Ռամոսի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ (35-րդ եւ 43-րդ) յաղթեց Մալակայի: Այս հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ կէս գիշերին, երբ Պարսելոնա 4-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Էյպարի դաշտէն: Տենիս Սուարես (32-րդ), Լիոնել Մեսսի (50-րդ), Լուիս...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուելիք մրցումներուն հետաքրքրական պիտի ըլլան կարգ մը ճակատումներ, որոնց կարգին` Եուվենթուս - Լացիօ Ռոմա, Աթլեթիքօ Պիլպաօ - Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Լիոն - Մարսէյ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 22-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ                            ԺԱՄ Լիվըրփուլ (3) - Սուանզի (20) 14:30 Պուրնըմաութ (11) - Ուաթֆորտ (14) 17:00...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Այսօր` Շապապ Ղազիէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Շապապ Ղազիէ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 21 յունուարին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Շապապ Ղազիէի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին: Դասաւորման մէջ աւելի վերին դիրքերուն վրայ գտնուելու համար, ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ 3 կէտով Պէյրութ վերադառնալու: Այժմ ՀՄԸՄ 17 կէտով կը գտնուի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Լիբանանի Ախոյեան Հմըմ Անթիլիաս Շռնդալից Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շեպիպէ Շիահ – ՀՄԸՄ Անթիլիաս

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 21 յունուարին, Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս կը մրցի Շեպիպէ Շիահի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սաժես Ժըտէյտիի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի յաղթանակ արձանագրել, իսկ խումբին համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:  

Page 1019 of 1277 1 … 1,018 1,019 1,020 … 1,277

Արխիւներ