Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի տնօրէն եւ Արաբական վոլիպոլի ֆետերասիոնի անդամ Էմիլ Ժապպուր երէկ մեկնեցաւ Մանամա (Պահրէյն)` իր մասնակցութիւնը բերելու համար Արաբական ակումբներու 35-րդ ախոյեանութեան վիճակաձգութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 20-28 փետրուարին, Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 11 երկիրներէ 20 խումբեր, որոնք պիտի բաժնուին չորս խմբակի:
Այս ախոյեանութեան Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Շեպիպեթ Թաննուրին ակումբը: