Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 22 յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ռայա խումբին դէմ, Քֆարշիմայի դաշտին վրայ:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: