24 եւ 27 յունուարին Լիբանանի 20 տարեկանէն վար ֆութսալի ազգային խումբը բարեկամական երկու մրցում պիտի կատարէ Իրաքի դէմ, առաջինը` Պէյրութի մէջ, իսկ երկրորդը` Մինայի մէջ (Թրիփոլի):
Երկու կազմերուն համար ալ այս մրցումները կ՛իյնան մայիսին տեղի ունենալիք Ասիոյ ախոյեանութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ: Այս ախոյեանութեան մանրամասնութիւնները աւելի ուշ պիտի փոխանցէ Ասիոյ ֆութսալի ֆետերասիոնը:
Այժմ Լիբանանի մարզիչ Հիւսէյն Տիպ իր փորձերը կը կատարէ խումբին մարզիկներուն հետ, միեւնոյն ժամանակ առիթ տալով, որ նորեկներ ալ միանան իր կազմին:
Նշենք, որ Իրաքի դէմ առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ (ժամը 20:30), իսկ երկրորդը` «Մուժամահ Արզ»-ի համալիրին մէջ (ժամը 20:00-ին):