Պէյճինկ-2008-ի ողիմպիական խաղերու պրոնզէ մետալակիր, աշխարհի փոխախոյեան, աշխարհի ախոյեանութեան կրկնակի պրոնզէ մետալակիր, Եւրոպայի կրկնակի ախոյեան, քառակի փոխախոյեան, յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Ռոման Ամոյեան News.am-Sport կայքի թղթակիցին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ կու գայ վերջ տալու իր մարզական արհեստավարժ ասպարէզին:
«Շրջան ընող տարաձայնութիւնները կը համապատասխանեն իրականութեան, որովհետեւ որոշեցի վերջ մը դնել ասպարէզիս: Շուտով պիտի տամ մամլոյ ասուլիս մը եւ պիտի մանրամասնեմ, թէ ինչո՞ւ այդ որոշումին յանգեցայ», ըսաւ 33 տարեկան Ամոյեան:
Նշենք, որ 2015-ին անոր հեռացման անդրադարձած էր Հայաստանի յունահռոմէական ըմբշամարտի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան: