Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ 1968 թուականէն ի վեր գործող հայկական ճաշարանը` «Արմինիըն Թավերնա», վերջին շրջանին դարձաւ անգլիական մամուլին ուշադրութեան առանցքը` շնորհիւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանին:
Հայրենի ֆութպոլիստը իր ունեցած հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ նշեց, որ Գերմանիայէն Մանչեսթըր տեղափոխուելէ ետք շատ յաճախ կ՛այցելէ այս ճաշարանը:
«Հենրիխը շատ յաճախ կ՛այցելէ մեզի, շաբաթը քանի մը անգամ: Երբեք չես նկատեր, որ ան անուանի մէկն է: Ան բոլոր յաճախորդներուն պէս է: Ան բոլորէն սիրուած է, եւ մենք շատ ուրախ ենք, որ ան կը խաղայ Մանչեսթըրի հետ», կ՛ըսէ ճաշարանին սեփականատէրը` Արման:
Նշենք, որ այս ճաշարանը նախորդ տարի վերանորոգուեցաւ. անոր վերաբացումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Մխիթարեան: