Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ Լիբանան ՖԻՊԱ-էն ստացաւ պաշտօնական նամակ մը, որուն մէջ կը նշուի, որ Լիբանան օգոստոսին պիտի հիւրընկալէ 2017-ի պասքեթպոլի Ասիոյ տղոց ախոյեանութիւնը:
Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն 16 երկիրներու ազգային խումբերը, որոնց կարգին` Աւստրալիա եւ Նոր Զելանտա:
Նշուեցաւ նաեւ, որ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնը համաձայն գտնուեցաւ Լիբանանի դէմ սահմանուած միջազգային պատիժը մեղմացնելու, որպէսզի առիթ տրուի անոր հիւրընկալելու այս ախոյեանութիւնը:
Այս որոշումին մասին Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Յակոբ Խաչերեանէն տեղեակ դարձաւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա: