Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ճատրակի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումներէն ետք, այժմ չորս կրանտմասթըրներ կը բաժնեն առաջին դիրքը:
Տիգրան Պետրոսեան, Հայկ Մարտիրոսեան, Արման Փաշիկեան եւ Զաւէն Անդրէասեան այժմ ապահոված են 4-ական կէտ:
3,5-ական կէտ ունին Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Կարէն Գրիգորեան եւ Յովհաննէս Գաբուզեան:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը բաղկացած է 9 հանգրուանէ:
Ախոյեան հանդիսացողը իրաւունք կ՛ունենայ Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականին մաս կազմելու: