Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Գ. դասակարգի ախոյեանութեան ծիրին մէջ իր կատարած բոլոր մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրելէ ետք, Էներժի բարձրացաւ Բ. դասակարգ: Անիկա իր կատարած վերջին մրցումին 59-39 արդիւնքով յաղթեց «Եու. Էս. Ժի.»-ին:
Էներժի իր կազմին մէջ ունի բաւական խոստմնալից մարզիկներ: