Պատրաստուելու համար Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին բերդապահ Սարգիս Էսքիճեան մեկնեցաւ Հայաստան, ուր միացաւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբին:
Հայրենի կազմը 18-22 յունուարին պիտի ունենայ ուսումնամարզական հաւաք մը:
Էսքիճեան ըսաւ, որ իր ամէն կարելին պիտի ընէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու Հայաստանի կազմին հետ, որպէսզի խումբը յաջողի ապահովել Բ. հանգրուանի իր տոմսը:
Նշենք, որ Հայաստանի խմբակին մէջ են Գերմանիա, Էսթոնիա եւ Լաթվիա: Վերջինս այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող երկիրն է:
Էսքիճեան եզրափակելով նշեց, որ հայրենի կազմին հետ իր կատարած բարեկամական մրցումներուն, միջազգային բարեկամական մրցումներու մասնակցելով յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգեց: Եւ անոր իբրեւ հետեւանք ան ըսաւ, որ Հայաստանի յոյսերը մեծ են յաջորդ հանգրուան հասնելու համար: