Երէկ յետմիջօրէին Ապու Տապիի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը` ներկայութեամբ մրցաշարքի մասնակցող ազգային խումբերու մարզիչներուն, որոնց կարգին էր նաեւ Լիբանանի մոնթենեկրոցի մարզիչ Միոտրակ Ռատոլովիչ:
Լիբանան, որ մաս կազմեց Բ. խմբակին, Ա. հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Հարաւային Քորէան, Հոնկ Քոնկը եւ Մալեզիան:
Զտումի այս մրցումները պիտի սկսին 28 մարտին:
Իր առաջին մրցումին, Լիբանան իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Հոնկ Քոնկը: