Մանչեսթըր Եունայթըտ պարտութենէ մը փրկուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ծննդեան 28-րդ տարեդարձին օրը:
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 22-րդ հանգրուանի մրցումներուն, մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի խումբին մրցակիցն էր Սթոք Սիթի, որ 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին հետ:
Դաշտին տիրոջ համակիրներուն տխրեցուց անգլիացի յառաջապահ Ուէյն Ռունի, որ ազատ հարուածով մը 94-րդ վայրկեանին նշանակելով իր կոլը, դարձաւ ակումբին պատմութեան լաւագոյն ռմբարկուն:
31 տարեկան Ռունի, որ նշանակեց իր 250-րդ կոլը, մէկ կոլով գերազանցեց նախկին ֆութպոլիստ Պոպի Չարլթընին:
Նշենք, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած Մխիթարեան 73-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը: