Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 21 յունուարին ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մեկնի հարաւ, ուր Քֆարժոզի դաշտին վրայ հիւրը պիտի ըլլայ Շապապ Ղազիէի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Դասաւորման մէջ աւելի վերին դիրքերուն վրայ գտնուելու համար, ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ 3 կէտով Պէյրութ վերադառնալու:
Այժմ ՀՄԸՄ 17 կէտով կը գտնուի 8-րդ դիրքին վրայ, մինչ Շապապ Ղազիէ 27 կէտով` 2-րդ դիրքին վրայ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Մապարրա, որ մրցեցաւ Նասեր Պար Էլիասի դէմ, 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, իսկ երկրորդ մրցումին, Ռիատա Ուալ Ատապ Թրիփոլիի մէջ 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ Շապապ Արապիէն:
Ստորեւ` յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ, 21 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ԺԱՄ | ԴԱՇՏ |
Շապապ Ղազիէ – ՀՄԸՄ | 14:15 | Քֆարժոզ |
Իսլահ Պըրժ Շիմալի – Սաժես | 14:15 | Սուր |
ԿԻՐԱԿԻ, 22 ՅՈՒՆՈՒԱՐ | ||
Ահլի Նապաթիէ – Շեպիպեթ | 14:15 | Քֆարժոզ |
Ահլի Սայտա – Ամալ Մաարաքէ | 14:15 | Սայտա |