Հայկական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Զոհրապ Նիազեան նշանակուեցաւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Ռուբէն Նազարէթեանը:
Նշենք, որ այժմ Հայաստանի ազգային հաւաքականը կը նախապատրաստուի 26-29 յունուարին Լաթվիոյ մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի 2018-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին, ուր իր դէմ պիտի ունենայ Էսթոնիան, Գերմանիան եւ այս խմբակին մրցումները հիւրընկալող Լաթվիան:
Խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւողը միայն կ՛անցնի յաջորդ հանգրուան: