Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Օլիվըր Ֆայսալի, երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորեց Մարիա Պրէյտին, որ Պանքոքի մէջ (Թայլանտ) տեղի ունեցած Ասիոյ ախոյեանութեան Բ. դասակարգի աղջկանց մրցումներուն (14 տարեկանէն վար) Լիբանանին ապահովեց ոսկի եւ արծաթ մետալ:
Պրէյտի իր արծաթ մետալին տիրացաւ անհատական մրցումներուն, իսկ ոսկի մետալին` աղջկանց զոյգի մրցումներուն, յորդանանցի իր խմբակիցին` Ժանա Խաթիպի հետ:
Մոն լա Սալ ակումբին մաս կազմող Մարիա Պրէյտի այսպիսով իրաւունք ստացաւ մասնակցելու Ասիոյ Ա. դասակարգի ախոյեանութեան, որուն մրցումները պիտի սկսին այս ամսուան աւարտին` Նիւ Տելհիի մէջ (Հնդկաստան):